2011-06-28 12:49:18

Սփիւռքահայ Երիտասարդ Լրագրողներու Դասընթացքի Բացման Արարողութիւնը։


Յունիս 27ին, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Եղիշէ Չարենցի անուան դահլիճին մէջ կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած Սփիւռքի ԶԼՄի (Զանգուածային լրատուամիջոցներու) երիտասարդ լրագրողներու դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան, Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան, դասախօսներ, ուսանողներ եւ այլք:
Ողջունելով Սփիւռքի ԶԼՄի երիտասարդ լրագրողներու դպրոցի մասնակիցներն ու արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր ընթացք մաղթելով ծրագիրին՝ Հ. Յակոբեան ընդգծեց 20ամեայ անկախ պետականութեան կերտման եւ հզօրացման ճանապարհով ընթացող Հայաստանի հանրապետութեան ձեռքբերումները եւ յաղթանակները: Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2010 Հոկտեմբեր 12-16ի ընթացքին, Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած հայ լրագրողներու 5րդ համաժողովին, որուն որոշումներէն մէկը կեանքի կոչելով՝ այսօր կը կազմակերպուի Սփիւռքի ԶԼՄի երիտասարդ լրագրողներու դպրոցը՝ Սփիւռքի լրատուամիջոցները որակեալ մարդուժով ապահովելու եւ երիտասարդ լրագրողները վերապատրաստելու նպատակով:
Նախարարը կոչ ուղղեց համախմբուած, միասնական ուժերով նպաստելու համազգային խնդիրներու լուծման՝ այդպիսով նաեւ նպաստելով հզօր հայրենիքի կերտման:
Բացման արարողութեան ընթացքին, նախարար Հ. Յակոբեան, ԵՊՀ ղեկավար Ա. Սիմոնեան եւ Սփիւռքի ԶԼՄի երիտասարդ լրագրողներու դպրոցի մասնակիցները աւարտական վկայականներ յանձնեցին համալսարանի լրագրողներու բաժինի այս տարուան շրջանաւարտներուն








All the contents on this site are copyrighted ©.