2011-06-28 12:30:43

Սուրբ Պետրոս Եւ Պօղոս Առաքելապետերու Տօնը։


29 յունիսին Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը Սրբազան Քահանայապետը պատարագ կը մատուցէ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նորընտիր Մետրոպոլիտներուն Պալիումի յանձնումը։ Նշենք թէ Պալիումը կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը ։
Պալիումը կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայ, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի, որոնք կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։
Անոր գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Պալիումը կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով։
Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատգամաւորութիւն մը այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան ու այս առաւօտ՝ 28 Յունիսին՝ անոնք ընդունուեցան Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։ Պատգամաւորութեան անդամները 29 յունիսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Սրբազան Տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոս Տաճարի մէջ մատուցուած արարողութեան։ Իրենց կեցութեան ընթացքին Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատգամաւորները հանդիպում կ՛ունենան նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի անդամներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.