2011-06-28 12:48:54

Աննախընթաց Երեկոյթ Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանին Մէջ։


Հայ քոյրերու վարժարանի 25ամեակի առթիւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկներու շղթայ մը անոնց միացաւ Ուրբաթ, 17 Յունիսի երեկոյեան, աննախընթաց երգախառն թատերական երեկոյ մը որուն ընթացքին վարժարանի «Դանիէլեան» սրահէն ներս ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի «Չարի Վերջը» մանկական հեքիաթը, օփերայի վերածուած հայրենի երաժիշտ Վահէ Հայրապետեանի կողմէ: «Դերասաններ»ն էին Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները, պարուսոյցը՝ վարժարանի ծնողներէն է որ «Համազգայինի Նայիրի» պարախումբի պարուսոյցն է՝ Գաթրին Հայրապետեան, իսկ ղեկավարը՝ վարժարանի երաժշտութեան դասատու՝ Վարդուհի Պաղտասարեան։
Թումանեան «Չարի Վերջը» հեքիաթը գրած էր 1908ին եւ Գալանդերեան զայն վերածած է մանկական օփերայի, ապա Մանուկեան զայն աւելի ընդարձակած է: Գործը մէկ անգամ միայն բեմադրուած է որպէս օփերա, 1950ականներուն։
Հայ քոյրերու վարժարանի երեկոյթին ներկայ էին ծնողներ, ուսուցիչներ, բարեկամներ, հիւրեր եւ երաժշտասէր հասարակութիւն մը, որոնք «Չարի Վերջ»ը օփերայի ներկայացումը կը վայելէին, մինչ նոյն պահուն Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենար երաժիշտ Վահէ Հայրապետեանի մեծարման երեկոն, առ ի գնահատանք նոյն գործին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող անդրանիկ բեմադրութեան։
Վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Լուսիա բարի գալուստի խօսք արտասանեց ապա վեցերորդ դասարանէն Ռագել Ղուկասեան եւ հինգերորդէն՝ Կարէն Քէչէճեան ներկայացուցին օփերային նիւթը։ Որմէ ետք ալ ամերիկածին հայ պատանիները լաւագոյն կերպով ու հայերէն անթերի եւ սահուն արտայայտութեամբ ներկայացուցին 33 վայրկեան տեւող օփերան, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին։
Գնահատելի էր Վարդուհի Պաղտասարեանի աշխատանքը եւ համադրումը՝ երաժշտութեան, թատերգութեան եւ պարերուն. ան կարողացեր էր ճշգրտօրէն օգտագործել երեխաներու ձայները եւ տուեալները՝ տիպարները աւելի ցայտուն եւ առարկայական դարձնելով: Սքանչելի էին գլխաւոր աղուէսի դերով Քրիստինա Գալուսեանը, ագռաւի դերով՝ Սթեֆընի Գիլէճեանը, «Հաւիկ մամիկը»՝ Թալիա Սողոմոնեանը, որուն ձայնի գեղեցիկ եւ անուշ ելեւէջները մարզուած ձայնով դերասանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Տակաւին կ՛արժէր յարմարութիւն եւ առիթ ըլլար եւ մէկ առ մէկ կարողանայի թուէլ բոլոր աշակերտներու անունները, որոնք սքանչելիօրէն ներկայացուցին իրենց ստանձնած դերերը. աղուէսները՝ իրենց զուարճալի շարժումներով եւ ջութակներով, ագռաւները՝ իրենց կիթառներով եւ «scooter»ներով, որոնք արագօրէն կը շարժէին բեմի վրայ. հապա թռչունները եւ հաւը անհաւատալի ձեւով կը մեկնաբանէին իւրաքանչիւրը իրեն վստահուած դերը երգելով, պարելով, դէմքի արտայայտութեամբ եւ ապրումով. անոնք բեմը վերածած էին իսկական անտառի եւ իրենք՝ մէկական սիրուն անտառային կենդանիներ, իրենց հագուստներով: Արդար է հոս յիշել, որ հագուստները ծնողներու կողմէ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կարուած եւ պատրաստուած էին: Գունագեղ փետուրներով թռչունները, սեւ ագռաւները եւ սիրուն աղուէսները իրենց հետաքրքիր շարժումներով եւ պարերով մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցին ներկաներուն մօտ, գոհունակութիւն պատճառեցին դասատուին, որ աւելի քան 2 ամիս տրամադրեց եւ մեծ բծանդրութեամբ սորվեցուց իւրաքանչիւր բաժին, ապա համադրեց եւ բեմականացուց։ Գաթրին Հայրապետեանի ցուցմունքներով պարերը եկան խանդավառութեամբ՝ պատմութեան մասերը իրար շաղկապելու, միաժամանակ շեշտելով հեքիաթի բարոյախօսութիւնը։
35 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող մանկական օփերան, որու լրիւ տեւողութեան Կարէն Քէչէճեան կը կատարէր խօսնակի դերը, վերջ գտաւ մեծ ծափողջիւններով ու տնօրէնուհիին գոհունակութեան, քաջալերանքի եւ շնորհակալութեան խօսքերով:
Ներկաները հիացմունքի եւ վայելքի զգագումներով բաժնուեցան սրահէն, ակնկալելով յառաջիկայ տարեշրջանին կրկին դիտելու եւ ըմբոշխնելու նման գործ մը:
Կը շնորհաւորենք Վարդուհի Պաղտասարեանը այս նոր նուաճումին առիթով, կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակից աշակերտները, որոնք իրենց թագուն տաղանդները ի յայտ բերին եւ անգամ մը եւս փաստեցին հայ պատանիի բազմաբնոյթ կարողութիւնները. շնորհակալութիւն պարուսույց Գաթրին Հայրապետեանի, որ իր փորձառութեամբ համադրեց պարերը եւ գոյն ու շարժում բերաւ այս հետաքրքրական խաղարկութեան. մեծագոյն շնորհակալութիւնը մեր մամաներուն, որոնք իրենց հնարամտութեամբ եւ ստեղծագործ մտքով բեմը վերածած էին մօտաւորապէս իրական անտառի։
Այս աննախընթաց երեկոն առիթը մըն է որ աւելի մեծ թիւով հայորդիներ ընբոշխնեն Յովհաննէս Թումանեանի «Չարի Վերջը» ուսանելի մանկական օփերան։








All the contents on this site are copyrighted ©.