2011-06-27 13:23:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քահանայական Ձեռնադրութեան 60ամեակը։


Յառաջիկայ 29 յունիսին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 60րդ տարեդարձը, այս առթիւ զանազան վայրերու ու շրջաններու մէջ կը կազմակերպուին սրբազան քահանայապետի ու կոչումներու դիտաւորութեան աղօթքի ու հսկումի պահեր։ Կիրակի 26 յունիսին Վատիկանի Սրբուհի Աննայի անուան Քահանայապետական Ժողովրդապետութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ՝ Վատիկանի Պետութեան Տեղապահ եպիսկոպոսը, նշելու Սրբազան Հօր Քահանայական ձեռնադրութեան 60-րդ յոբելեանը։

Պենետիկտոս ԺԶ իր քահանայութեան 60րդ տարեդարձին առթիւ հետեւեալ աղօթքը շարադրած է ։

Տէր` շնորհակալ ենք քեզի
Որովհետեւ սիրտդ բացիր մեզի
Որովհետեւ քու Մահովդ ու քու Յարութեամբդ
Դարձար կեանքի աղբիւր։
Ըրէ որ ըլլանք ապրող էակներ
Որ սնունդ առնեն քու աղբիւրէդ
Եւ մեզի պարգեւէ շնորհքը մեր կարգին ըլլալու` մեր այս դարաշրջանի մէջ,
Աղբիւրներ, կարող պարգեւելու կեանքի ջուրը։
Կը գոհաբանեմք զքեզ
Քահանայութեան այս շնորհքին համար։
Տէր օրհնէ մեզ
Ու օրհնէ բոլոր մեր ժամանակի մարդիկը որ փնտռտուքի մէջ են եւ ծարաւի։
Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.