2011-06-27 13:22:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 27 յունիս 2011։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս առաւօտ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց .
Սուրբերու դատի Ժողովի Նախագահը՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ, ապա Սրի Լանքայի Գոլոմպօ Թեմի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Բաթապէնտիժ Տոն Ալպերթ Մալգոլմ Րանժիս։
Հուսկ Կարտինալ ֆրանսիսքօ Ժավիէ Էրրազուրիս Օսսա՝ Չիլիի Սանթիակօ թեմի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը եւ ներկայ Արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Րիգարտօ Էծաթի Անտրէլլօ։

Շաբաթ 25 յունիսին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունած էր Մալթայի իշխանապետութեան իշխանը` եղբայր Մաթիու ֆեսթինկ։
Մալթայի իշխանապետութեան իշխանին ունկնդրութիւնը կը կատարուի ամէն տարի զինուորական եւ առողջապահական կարգի իշխանապետութեան պաշտպան սուրբ` Ս. Յովհաննէսի տօնին օրը։
Իշխան Մաթիու ֆեսթինկ 2008ին ընտրուեցաւ այդ կարգի 79-րդ կառավարիչը ։ Մալթայի իշխանապետութիւնը լաւագոյնս կը կատարէ իր մարդասիրական պաշտօնը շնորհիւ իր 13 հազար անդամներու նուիրումին, 80 հազար կամաւորներու ու 20 հազար պաշտօնեաներուն, որոնց մեծամասնութիւնը բժիշկներ են։
Մալթայի իշխանապետութեան առաջնահերթ գործունէութիւնը կը կայանայ հիւանդանոցներու, բժշկական կեդրոններու եւ դարմանատուներու մէջ ինչպէս նաեւ ընկերային ու մարդկայնական բժշկական ծրագրերու իրագործումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.