2011-06-27 16:22:04

Ինչ Գրեցին եւ Ինչ Ըսին Միջազգային Լրատուամիջոցներ՝ ՔԱԶԱՆ-ի Հանդիպումի Մասին։


Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ միջազգային միջնորդները մեծ յոյսեր կը կապէին 24 Յունիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին, կոչ ուղղելով ընդունելու հիմնական սկզբունքները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւնները դուրս պիտի բերէին փակուղիէն:

«Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները փոխադարձաբար միացեալ ճնշում կը գործադրէին կողմերուն վրայ, որպէսզի Հայատսն եւ Ազրպէյճան Քազանի մէջ ընդունին հիմնարար սկզբունքները: Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ շատ ժամանակ եւ քաղաքական դրամագլուխ ներդրած էր այդ նախագիծին մէջ, սակայն Ռուսիոյ մօտեցող ընտրութիւններու շրջանը աւելի դժուար պիտի դարձնէ համաձայնութիւնը», կը գրէ Նիւ Եորք Թայմզ։

Օրաթերթը կը գրէ, որ ներքաղաքական խնդիրները լուրջ խոչընդոտ են լուծման համար, եւ կը նշէ, որ երկու երկիրներու ղեկավարները վրդովմունքի մեծ ալիք պիտի բարձրացնեն իրենց երկիրներուն մէջ, եթէ զիջումներ կատարեն: Քազանէն առաջ միջնորդները կ՛ըսէին, որ լուրջ տարակարծութիւնները աւելի քիչ են, սակայն յստակ չէր` արդեօք երկու ղեկավարները քաղաքական կամք պիտի ունենա՞ն համաձայնագիրը իրենց քաղաքացիներուն ներկայացնելու:

Ամերիկեան այլ ազդեցիկ օրաթերթ մը` «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Քազանի վեհաժողովը կողմերուն համար շարք մը սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան հասնելու վերջին տասնամեակի լաւագոյն առիթն էր:

Իսկ Ռուսական «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Քազանի հանդիպումը ապարդիւն աւարտած է, հակառակ անոր որ ,մինչ այդ կ՛ակնկալուէր, որ տագնապի լուծման «ճամբու քարտէս» կ՛որդեգրուի: Սակայն կողմերը սահմանափակուած են «փոխ-ըմբռնման» մասին ընդհանրական յայտարարութիւններով:
«Էխօ Մոսքվի» կը նշէ, որ վեհաժողովէն առաջ կը թուէր, որ Ռուսիոյ նախագահը շատ մօտ եղած է իր արտաքին քաղաքական ամէնէն լուրջ յաջողութեան, եւ ամէն ինչ պատրաստ էր համաձայնագիրի ստորագրութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.