2011-06-27 16:24:19

Արեւային Առաջին Ելեկտրակայանը Տեղադրուած Է Գեղադիրի Մէջ։


Գեղադիր գիւղին մէջ կ՛իրականացուի արեւէն ելեկտրական ուժանիւթ ստանալու ծրագիր: Արդէն տեղադրուած է առաջին մէկ քիլօվաթանոց սարքը, շուտով պատրաստ կ՛ըլլան նաեւ երեք եւ հինգ քիլօ-վաթանոցները: Այս մասին վերջերս մամլոյ ասուլիս մը տուին արեւային ուժանիւթի մասնագէտներ, Ռուբէն Վարդանեան եւ «Ինտասթրիըլ թեքնոլոճիզ» ընկերութեան տնօրէն Արթին Մելիքեան:
Ռուբէն Վարդանեանի համաձայն Հայաստանի մէջ այս գիտական ուղղութիւնը զարգացած է դեռ 50ական թուականներէն , եւ այսօր այդ ոլորտի մէջ կայ գիտնականներու հզօր խումբ: Սակայն գործնական աշխատանքներուն համար կազմակերպուած խումբերը գործունեայ չեն: «Մեծ ջանքերու գնով կը հասնինք որոշակի արդիւնքներու, ամէն տարի կը մասնակցինք գիտաժողովներու, միւս երկիրներու համեմատ կը հասնինք լաւ արդիւնքներու», նշած է Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ այս ուղղութիւնը չզարգացնելը ճիշդ չէ՝ «Դրա համար պէտք է պետական հոգածութիւն, գիտա-արտադրական կեդրոն ստեղծել եւ զայն գործարկել»:
Իսկ Արթին Մելիքէանը ըսած է որ «Ինտասթրիըլ թեքնոլոճիզ» ընկերութիւնը արդէն կնքած է սոյն սարքերու արտահանման համաձայնագրեր, եւ յառաջիկային պիտի արտահանէ արեւային ուժանիւթ ստացող սարքեր՝ սկսած 50 քիլօվաթանոցէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.