2011-06-27 13:21:27

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը։


Ուրբաթ, 24 յունիսին, ( 2011) երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը՝ դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուիթ: Ժընեւէն ընդհանուր քարտուղարին ընկերակցած էին դոկտ. Միշել Նսէյր եւ Քարլա Խիժոյեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ միջեկեղեցական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին այցելութեան հիմնական նպատակն էր ՜՜Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն ու յեղափոխութիւններուն գծով վեհափառին տեսակէտը ունենալ, ինչպէս նաեւ անոր կարծիքը` շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան գծով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի որդեգրելիք դիրքին մասին՝՝:
Արամ Ա. կաթողիկոս նախ եւ առաջ ընդհանուր կերպով խօսեցաւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն եւ դրդապատճառներուն մասին, որոնց կարգին ան թուեց տնտեսական տագնապը, փտածութիւնը, ժողովուրդին լուսանցքայնացումը յարաբերաբար քաղաքական հոլովոյթին, եւ մարդկային իրաւունքներուն լայն չափով բացակայութիւնը. մտահոգութիւն յայտնեց ապագայի մասին։
Ապա վեհափառը շեշտեց հետեւեալ կէտերը. Արեւմուտքի մօտեցումը պէտք է ըլլայ աւելի իրապաշտ, իսկ գործածած լեզուն` աւելի չափաւոր: Արեւմուտքը պէտք է շեշտէ ներքին բարեկարգութիւններուն կարեւորութիւնը` միաժամանակ հաւասարակշռուած կապեր հաստատելով ընկերութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն հետ: Այս ընդհանուր նկատողութիւններէն ետք վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան: Այս գծով ան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է խուսափիլ ընդհանրացումներէ եւ դիւրին ու մակերեսային դատումներէ: Շրջանին մէջ քրիստոնէութեան պատմութիւնը կը յատկանշուի մէկ կողմէ բախումներով ու հալածանքներով, իսկ միւս կողմէ խաղաղ գոյակցութեամբ` այլ կրօններուն ու մշակոյթներուն հետ: Հետեւաբար, ըսել, թէ քրիստոնէութիւնը կը հալածուի Միջին Արեւելքի մէջ, բացարձակօրէն չի՛ համապատասխաներ իրողութեան: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը` յիշեցնելով, որ հակառակ եկեղեցիներու ունեցած աստուածաբանական ու դաւանաբանական տարբերութիւններուն, անհրաժեշտ է, որ անոնք գործնապէս արտայայտեն իրենց միասնականութիւնը: Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը դարձեալ կենսական է, որովհետեւ իսլամը եւ քրիստոնեան դրացիներ են հակառակ իրենց տարբերութիւններուն, հետեւաբար անոնք պէտք է մշակեն բարի դրացնութիւն:
Իր խօսքի աւարտին վեհափառը` անդրադարձաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի դերակատարութեան` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն գծով: Այս ուղղութեամբ վեհափառը շեշտեց որ նախ՝
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պէտք է խուսափի քաղաքական նկարագիր ունեցող յայտարարութիւններէ, եւ ատենապետին կամ ընդհանուր քարտուղարին ստորագրութեամբ «հովուական թուղթ» ուղղէ եկեղեցիներուն:
Ապա թէ՝ Յիշեալ թուղթին մէջ պէտք է շեշտուին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զօրակցութիւնը եկեղեցիներուն, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգչական շարժումներուն եւ աշխատանքներուն քրիստոնեայ համայնքներուն գործօն մասնակցութիւնը:
Ու նաեւ՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պէտք է քաջալերէ նիւթական լայն կարելիութիւն ունեցող արեւմտեան եկեղեցիները, որպէսզի անոնք օժանդակեն շրջանի եկեղեցիներու ծրագիրներուն:
Սոյն հանդիպումին նաեւ քննարկուեցան Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զանազան ծրագիրները եւ աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.