2011-06-26 14:12:21

Ֆրանսայի Նախագահ Սարքոզիի Ուղերձը՝ Նախագահ Սարգսեանին։


Գազանի հանդիպումի նախօրեակին , Սերժ Սարգսեանին յղած ուղերձին մէջ ֆրանսայի Նախագահ Սարքոզի կը գրէ ի մէջ այլոց թէ
«Գիտցէք, որ ամէն պարագայի ես` իբրեւ բարեկամ, եւ ինծի հետ Ֆրանսան, որ ինքզինք Հայաստանի քոյրը կը նկատէ, ձեզի կը յղենք այս վճռորոշ հանդիպումին յաջողութեան ամէնէն անկեղծ մաղթանքները: Երկիրս ջանք պիտի չխնայէ այդ ճամբուն վրայ ձեզի սատարելու», կ՝ըսէ Սարքոզի՝Սարգսեանին յղած իր ուղերձին մէջ։ :
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալով կոչ ուղղած էր Քազանի մէջ հանդիպումին ընթացքին համաձայնեցնել եւ աւարտին հասցնել հիմնարար սկզբունքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.