2011-06-26 14:10:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի 26 յունիս . Բ կիրակի յետ Պենտեկոստէի, լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։
Մեկնաբանելով Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին նշանակութիւնը ու կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ ու քրիստոնեայի կեանքին մէջ ըսաւ. մարդկային ազգը կը կորսնցնէ իր միութիւնը, խառնաշփոթութեան կը մատնուի ու թիրախ կը դառնայ անհատապաշտութեան ու փոխադարձ հարստահարումի։ Եկեղեցւոյ ընկերային ներկայութիւնը պտուղն է ամենասուրբ հաղորդութեան, որ իրարու կը միացնէ բոլոր քրիստոնեաները։ Ներկայիս, աշխարհականացումի հետեւանք մարդիկ մէկը միւսէն կախեալ են, սակայն քրիստոնէութիւնը կարող է եւ պարտական է որ այս միութիւնը չկառուցուի առանց Աստուծոյ, այսինքն առանց ճշմարիտ սիրոյ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ Աւետարանը միշտ քարոզած է մարդկային ազգին միութիւնը։ Այս միութիւնը պէտք չէ պարտադրուի վերին իշխանութենէն եւ ոչ ալ շահերէ, այլ պէտք է ունենայ որպէս հիմ իրար զիրար պաշտպանելու զգացումը։ Քրիստոնէութեան մէջ կախարդական ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով.
Ապա Սրբազան Քահանայապետը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները հրաւիրելով զանոնք հայցելու բարեխօսութիւնը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որ իմ նախորդս` երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ սահմանած է զայն որպէս ''Հաղորդութեան Կին'', իրեն հետեւելով թող մեր բոլոր կեանքը դառնայ հաղորդութեան կեանք միշտ բաց Աստուծոյ եւ ուրիշներուն, կարող բարեփոխելու չարը բարիի սիրոյ զօրութեամբ եւ նպաստելու մարդհկային ազգին միութեան, հաղորդակցութեան ու եղբայրութեան մէջ։
Հուսկ Սրբազան հայրը յիշեցուց թէ այսօր Միլանոյ թեմին մէջ տեղի ունեցաււ երանացումը երեք Աստուծոյ ծառաներու։ Յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին եկեղեցին, 29 յունիսին, կը յիշատակէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ Քահանայապետի եղբայրօգնութեան օր է, կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք կը մասնակցին այս բարեսիրական օրուան, թող Տէրը հարիւրապատիկով վարձատրէ ամէնքդ։ Բոլորին կը մաղթեմ բարի կիրակի։
Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.