2011-06-26 14:12:00

Երկու Քահանանաեր եւ Մայրապետ Մը՝ Խորաններու Պատւոյն։


26 Յունիսին, Միլանոյի Մայր Տաճարի հրապարակին վրայ Երանելի հռչակուեցան Հայր Սէրաֆինօ Մորացցօնէ թեմական քահանանան, Հայր Քլէմէնթէ Վիզմարա Արտերկրեայ Առաքելութեանց Քահանայապետական Ուսումնարանէն եւ Քոյր Էնրիքա Ալֆիէրի(ծնեալ Մարիա Անճէլա) մայրապետը Սրբուհի Ժան Անթիտ Թուրէ-ի Գթութեան Մայրապետներու Միաբանութեէն։ Երանացման հանդիսաւոր արարողութիւնը գլխաւորեցին՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը որ կը ներկայացնէ միաժամանակ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, եւ Կարտինալ Տիօնիճի Թէթթամանցի Միլանօ քաղաքի Արքեպիսկոպոսը։

Հակիրճ տողերով ծանօթացնենք այս երեք նոր Երանելիները ։
Հայր Սէրաֆինօ Մորացցօնէ։

Կը ծնի 1747-ին բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ(Իտալիա)։ 13 տարեկանին կը զգայ քահանայական կոչումը ,բայց նիւթական պատճառներով չի կրնար Դպրեվանք մտնել։ Աւելի ուշ կ՝արձանագրուի Յիսուսեաններու Պրէրայի վարժարանը եւ 1762-ին կ՜ընդունի եկեղեցական փոքր կարգերը,կը սպասաւորէ պատարագներուն Միլանոյի Մայր Տաճարին մէջ, ապա կը մասնակցի Քիուզօ գիւղաքաղաքի ժողովրդապետութեան համար կատարուած մրցոյթին,ու շահելով անուանումը որպէս ժողովրդապետ կը փոխադրուի Քիուզօ(Լէքքօ) եւ ուր կը մնայ 49 երկար տարիներ։ Հայր Սէրաֆինօ իր քահանայական առաքելութիւնը ապրեցաւ՝աղօթքով,եղբայրօգնութեամբ ,եւ ծառայելով մերձաւորին,այն ինչ որ կը ստանար կը սահմանէր աղքատներուն ու հաշմանդամներուն, նոյնիսկ իր անկողինը տուած է հիւանդի մը։
՝՝Երանելի Սէրաֆինօ՝՝ ինչպէս որ զինք կը կանչէին իր ծխականները, կը վախճանի 13 ապրիլ 1822-ին ։

Հայր Գլէմէնթէ Վիզմարա։

Գլէմէնթէ Վիզմարա կը ծնի Իտալիոյ մէջ,Ակրաթէ -Պրիանցա 1897-ին ։ Մօրը ու հօրը մահէն ետք ազգականներու կողմէ կը դրուի Մոնցայի ՝՝Վիլլորէզի՝՝ Վարժարանը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին կը մտնէ Սէվէզօ-ի Սուրբ Պետրոսի անուան Դպրեվանքը1913ին, որմէ ետք սակայն ճակատ կը կանչուի։ Զինուորական ծառայութեան դադարումին կը վերադառնայ երեք մէտալներով պարգեւագտրուած (պատերազմէն) եւ կը մտնէ Արտերկրի Առաքելութիւններու Ուսումնարանը,ուր տեղի կ՝ունենար Ամբրոզիան Քահանաներու կազմաւորումը ,նախ քան իրենց առաքելավայրերը ղրկուիլը։
Քահանայական ձեռնադրութեէն ետք կը մեկնի Պիրմանիա,ուր պիտի մնար 64 տարիներ։ Հոն է որ սկիզբ առաւ Հայր Վիզմարայի շրջուն առաքելութիւնը
գիւղէ՝գիւղ աղքատներուն,հիւանդներուն եւ որբերուն մօտ, յատկապէս նուիրեց իր յանձնառութիւնը որբերուն ,հաւաքելով հարիւրաւոր որբեր հարկ եղածը ընելով անոնց կազմաւորումին եւ անոնց ուսման համար ։ Շինեց եկեղեցիներ, ապա տուներ Միսիոնարներու համար, հիւանդնոցներ եւ մատուրներ, իսկ Մարիա Պամպինա Մայրապետին հետ միասին բացաւ նաեւ աղջկանց Որբանոց մը։ Երբ 1966ին Պիրմանիոյ անկախութեէն ետք բոլոր օտար միսիոնարները արտաքսուեցան երկրէն,եւ միայն 31 միսիոնարներ կրցան մնալ հոն,ընդ որս Հայր Գլէմէնթէ Վիզմարա որ կը կոչուէր ՝՝Պիրմանիոյ Եկեղեցիին Պատրիարքը՝՝ եւ որ վախճանեցաւ 15 Յունիս 1988-ին։

Քոյր Անճելա Ալֆիէրի։

Անճէլա Ալֆիէրի կը ծնի 1891-ին Պօրկօ Վէրչէլլի(Իտալիա) ։ 20 տարեկանին մուտք կը գործէ ֆրանսացի Սրբուհի Ժան Անթիտ Թուրէ-ի անունը կրող Գթութեան Քոյրերու Միաբանութիւնը ։ 1919ին կը հիւանդանայ Պասէտով-Կրավէս կոչուած ախտէն,բայց կատարելապէս կը բուժուի 1923-ին Անարատ Յղացեալի բարեխօսութեամբը,խմելէ յետոյ Լուրտէն բերուած ջուրը։ Նոյն տարին կը ղրկուի Միլանոյի Սան Վիթթորէ-ի բանտը որպէս մայրապետ, եւ ուր պիտի մնայ 28 տարիներ ,տարածելով կին եւ այր բանտրկեալներու միջեւ ներկայութիւնը ու ժպիտը Աստուծոյ։
Համաշխարհային Բ.Պատերազմին Նացի-ֆաշիսթ վարչակարգի կողմէ կը ձերբակալուի,բռնութեանց ենթակայ բանտարկեալներուն օգնած ըլլալու յանձանքով եւ կը ղրկուի սահմանագլու,հոգեկան հիւանդերու մէկ բուժարանը ,մինչեւ որ Գերմանական հրամանատրութիւնը կ՝արտօնէ որ փոխադրուիՊրէշա գտնուող իր Միաբանութիւնը ։Իտալիոյ ազատագրումէն ետք կը վերադառնայ Սան Վիթթօրէ-ի բանտը (Միլանօ), մեծ ուրախութիւն պատճառաելով բանտարկեալներուն որ անոր տուած էին ՝՝ հրեշտակ՝ ՝ածականը՝՝։ Եւ երբ վախճանեցաւ 23 նոյեմբեր 1951-ին ցաւակցութիւները եղան միաձայն,միասիրտ ՝՝Սան Վիթթօրէ Բանտի Հրեշտակին՝՝ համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.