2011-06-25 12:19:53

Քազանի Հանդիպումը։ Հանդիպումին Որեւէ Փաստաթուղթ Չէ Ստորագրուած։ Հանդիպման Մանսակցողներու Միացեալ Յայտարարութիւնը։


Երէկ (24 Յունիս) Քազանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը(նախ միայն նախագահական մակարդակով) ապա նախագահներուն միացած են նաեւ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները: Աւելի ուշ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները միացած են անոնց:
Հանդիպման ապահովութիւնը հսկեցին 8000 ոստիկաններ,հանդիպման կը հետեւէին ԱՊՀ-ի երկիրներու եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներու բազմաթիւ լրագրողներ:

Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպման աւարտին ընդունուեցաւ ՝՝միացեալ յայտարարութիւն մը՝՝որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ ՝՝երկիրներուն ղեկավարները հաստատած են շարք մը հարցերու շուրջ փոխադարձ ըմբռնման ձեռք բերումը, հարցեր, որոնց լուծումը կը նպաստէ հիմնարար սկզբունքները ընդունելու համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման: Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նկատմամբ անոնց մնայուն ուշադրութեան համար եւ բարձր գնահատած են Ռուսիոյ նախագահին անձնական ջանքերը համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ՝՝:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հինգշաբթի օր հարցազրոյց մը տուած էր «Էուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին։ Հարցազրոյցին ընթացքին
պատասխանելով այն հարցումին, որ Ազրպէյճան ի՞նչ կը պատրաստուի առաջարկել Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական զօրքերու հեռացման պարագային, Ալիեւ ընդգծեց. «Իրականութեան մէջ մենք մտադիր չենք որեւէ բան առաջարկելու դարեր շարունակ Ազրպէյճանին պատկանող Լեռնային Ղարաբաղին դիմաց. անիկա միջազգայնօրէն ճանչցուած ազրպէյճանական տարածք է»:

Ազրպէյճանի նախագահը դարձեալ կրկնեց ազրպէյճանական կողմին յստակ դիրքորոշումը, որ պատրաստ են Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան եւ անոնց, որոնք պիտի վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղ, երաշխաւորելու աշխարհի մէջ կարելի ամէնէն լայն ինքնավարութիւնը:

Նոյնպէս Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան դարձեալ «Էուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցին շուրջ հայկական կողմին դիրքորոշումը:
Խօսելով Քազանի հանդիպման մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ լաւատեսութիւնը լաւ որակ է, սակայն ինք կը նախընտրէ կառուցողական ըլլալ եւ պէտք է ըսել, որ իր ակնկալիքները այնքան մեծ չեն ՝՝ես միանշանակ դէմ եմ միակողմանի զիջումներուն՝՝ ըսած է նախագահը ,արդարեւ մեզի կը հետաքրքրեն փոխադարձ զիջումները: Իսկ մեր իրավիճակին առանձնայատկութիւնը այն է, որ մենք պէտք է զիջումներ կատարենք պետութեան մը, ժողովուրդի մը, որ միայն ու միայն կը սպասէ յարմար առիթի մը, որ մեր վրայ կրակ բանայ», ընդգծած է դեռ նախագահ Սարգսեան:

Ապա նախագահը շեշտած է ըսելով հետեւեալը ՝՝Ազրպէյճանի մէջ գերազանցապէս հայերով բնակեցուած այլ շրջան մը կար` Նախիջեւանը, սակայն խորհրդային շրջանին եւ անկէ անմիջապէս ետք այդ ինքնավարութիւնը հայաթափուեցաւ եւ այսօր այնտեղ գործնականին մէջ ոչ մէկ հայ մը կայ», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.