2011-06-25 11:57:24

Նոր Աւետարանութիւնը Մոգական Դեղաջուր Մը Չէ , Այլ՝ Լոկ Վստահութիւն Քրիստոսի Մէջ։


Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղարները, 16-21 յունիս, ժողով մը գումարած են Լիթուանիոյ Վիլնուս մայրաքաղաքը եւ աշխատանքներու աւարտին յայտարարած են որ նոր աւետարանութիւնը մոգական դեղաջուր մը չէ այլ նախ եւ առաջ վստահութեան կեցուածք մըն է Քրիստոսի անձին մէջ, որ ''ամէն բան նոր կ'ընէ''։
Նոր Աւետարանութեամբ, հաւատացեալը աւելի բան մը կատարելու համար չէ կանչուած , այլ` հրաւիրուած է իր ամէնօրեայ աղօթքով, բարի գործերով, ընտանիքի ու աշխատանքի ընթացքին մարմնացնել հաւատքը, յոյսը եւ Աստուածսիրութիւնը։
Ժողովականները կլոր սեղանին ընթացքին շօշափեցին կրօնական ազատութեան թեման` Եկեղեցին ու Եւրոպան իրենց կարելին պէտք են ընենլ երաշխաւորելու թէ այդ իրաւունքը յարգուի համայն աշխարհին մէջ։
Ժողովի այլ նիւթն էր, ծնունդներու տագնապը ու եւրոպական բնակչութեան ծերացման հարցը իր ծանր հետեւանքներով։ Նոյնպէս` Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղարները խօսեցան ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու գործածութեան կարեւորութեան մասին Աւետարանի քարոզութեան համար, մատնանշելով միաժամանակ, յոյժ կարեւորութիւնը անհատական հանդիպումներուն ուրիշներու հետ եւ Աստուծոյ հետ։
Յայտնենք որ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը կազմուած է 33 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերէ, որուն նախագահն է կարտինալ Բեդեր Էրտօ` առաջնորդը Պուտաբեշտի եւ գահերէցը Հունգարիոյ եկեղեցւոյ։ Քարտուղարութեան աթոռը կը գտնուի Զուիցերիոյ Սան Կալ քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.