2011-06-25 12:14:26

Մակի Պարենամթերային Ու Գիւղատնտեսական Կազմակերպութեան՝ (FAO ի) 37-րդ Համագումարը։


Շաբաթ 25 յունիսին Հռոմի մէջ բացումը կը կատարուի Մակի պարենամթերային ու գիւղատնտեսական կազմակերպութեան (FAO ի՝) 37-րդ համագումարին, որ վերջ պիտի կը գտնէ 2 յուլիսին։
Այս տարուայ համագումարը նաեւ՝ պիտի ընտրէ FAO ի ընդհանուր տնօրէնը Յունուար 2012 - 31 յուլիս 2015 շրջանին համար։
Այս առաւօտ արարողութեան ընթացքին ֆաօ-ի ընդհանուր Տնօրէն՝ Ժագ Տիուֆ յուշաքարի մը բացումը կատարեց նշելու ՜՜կովային ախտի վերջնական ջնջումը համաշխարհային գետնի վրայ՝՝ , ապա նախատեսուած է Գոֆի Աննանի` ֆաօի նախկին ընդհանուր տնօրէնին զեկոյցը ՜՜սնունդի ապահովութեան՝՝ նիւթին մասին։ Շաբաթ օրը յետ միջօրէին, ներկայացումը կը կատարուի թեկնածուներուն Ընդհանուր Տնօրէնի պաշտօնին համար, որոնց ընտրական քուէարկութիւնը նախատեսուած է որ տեղի ունենայ կիրակի 26 յունիսին՝ առաւօտեան, 191 երկիրներու ներկայացուցիչներու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.