2011-06-25 12:14:09

Խոր Վիրապ Վանքի Ուխտի Օր


Շաբաթ 25 Յունիս 2011-ին, Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի՝ խոր վիրապէն ելլելու տօնը, այդ օրը նաեւ Խոր Վիրապ վանքի ուխտի օր է։
Ուխտագնացութիւն կազմակերպուած է Մայր Աթոռի տեսչութեան կողմէ.առաւօտեան ժամը 10.30-ին Խոր Վիրապի վանք կը տարուին Ս Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները, 11-ին՝ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի Սուրբ մասունքներով յատուկ օրհնութեան արարողութիւնը։
Ս Լուսաւորչի մասունքները հաւատացեալին համար վանք կը մնան մինչեւ նոյն օրուայ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը՝ ժամը 18-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.