2011-06-25 11:57:13

Երանացման Արարողութիւն Ճոհաննէս Բրասսէքի, Հէրման Լանժի ու Էտուարտ Միւլլէրի։


Շաբաթ 25 յունիսին Ամպուրկի թեմի Լուպէքքա Թեմին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ճոհաննէս Բրասսէքի, Հէրման Լանժի ու Էտուարտ Միւլլէրի երանացման արարողութիւնը նախագահութեամբ՝ Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ ու Սուրբերու Դատի Ժողովի Նախագահ՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի ։
Երեք նոր երանելիները թեմական քահանաներ էին, որոնք Լուտերական եկեղեցւոյ վերապատուելի Գարլ ֆրէտէրիք Սդէլպրինգի հետ միասին 1943-ի նոյեմբեր 10-ին նահատակուած էին իրենց կրօնքը չուրանալու ու մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքները պաշտպանելու համար։ Երանացման արարողութիւնը նախատեսուած է առաւօտեան ժամը 11-ին որուն պիտի մասնակցի նաեւ Քրիտոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ՝ Կարտինալ Վալթեր Գասբեր, Ամպուրկի Վէրնէր Թիսսէնի Արքեպիսկոպոսը ու Օզնապրուքի եպիսկոպոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.