2011-06-24 13:24:47

Ռատիովատիկանի 80-ամեակը ՝ ՜՜ Աշխարհի Շրջագայութիւնը 80 Տարուայ Ընթացքին, Ձայնասփիւռ մը՝ Աշխարհին Հետ Երկխօսութեան Մէջ։


Ռատիօ Վատիկանի 80.երորդ Տարեդարձի առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։
Այսօր կը խօսինք Վատիկանի Ձայնասփիւռի Սլովաք Յայտագրի մասին։

67 տարի առաջ 25 դեկտեմբեր 1943-ին Հայր Ալեքսանտր Գրաբբան առաջին անգամ ըլլալով Վատիկանի ձայնասփիւռէն կը սփռէր Սլովաք լեզուով Պիոս ԺԲ քահանայապետի ծննդեան պատգամը։
Սլովաք լեզուի յայտագիրը օրինաւոր կերպով իր հաղորդումները սկսաւ այս դիպուածէն երկու տարի ետք 21 դեկտեմբեր 1947ին։ Սկզբնական շրջանը շաբաթական միայն երեք հաղորդումներով ու ապա 1949-ի յուլիս երեքէն սկսեալ հաղորդումը կը դառնայ ամէնօրեայ՝ 15 վարկեան տեւողութեամբ։
Ռատիովատիկանի նպատակակէտը եղած է Հռոմի Պապին ձայնը եւ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը դնել աշխարհին հետ երկխօսութեան մէջ եւ նոյնը եղած է նաեւ Սլովաք յայտագրի կէտնպատակը։ 1948 - 1989 տարիներուն համայնավարութեան դժուար տարիներուն, երբ Եուկասլավիոյ մէջ քրիտոնեաներն ու եկեղեցին ենթարկուած էին հալածանքներու, Ռատիովատիկանի Սլովաք լեզուով հաղորդումը մեծ դեր խաղցած է աւետարանութեան ու քրիտոնէական հաւատքի պահպանումի ի խնդիր։
Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի աւարտին, երբ ամէնուրեք կը շնչուէր <<ազատութեան>> նոր շունչ, Սլովաքիոյ մէջ նոր սպառնալիք մը, վտանգի կը մատնէր կաթողիկէ եկեղեցին ու անոր հաւատացեալները որոնք դարձեալ հալածանքի ու չարչարանքներու կ՛ենթարկուէին։ Այս հալածանքներու հետեւանքով Սլովաք եկեղեցին կորսնցուց իր եկեղեցապետերը, որոնք կամ բանտերու մէջ եւ կամ ալ գաղտնի վայրեր ապաստան գտած էին։ Պատերազմէն առաջ Սլովաքիոյ մէջ կային 16 արական միաբանութիւններ , 96 վանքեր, 1.019 եղբայրներ եւ 24 իգական միաբանութիւններ, 168 վանքեր ու 4.253 մայրապետներ ։ Այս դժուար տարիներու ընթացքին կաթողիկէ կղերը հերոսաբար կատարեց իր առաքելութիւնը ու Վատիկանի ձայնասփիւռը կ՛օժանդակէր այս ուղղութեամբ, հաղորդելով ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ։
1989ին Պերլինի Պատի փլուզումէն ետք, նոր յոյսի շունչով վերսկսաւ Սլովաք եկեղեցւոյ վերակառուցումը եւ 22 ապրիլ 1990-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի այցը, նոր ուժ կը ներշնչէր ու նոր սլացք կը պարգեւէր հաւատացեալներուն ու Սլովաք եկեղեցւոյ ու նաեւ զիրենք կը հաստատէր իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ։
40 տարի անապատներու մէջ քալելէ ետք - ըսած էր ՅՊԲ իր այցելութեան ընթացքին իր արատսանած ճառերէն մէկուն մէջ - տասնեակ Աւագ ուրբաթ օրերէ ետք, ահա կը ծագի Յարութեան արաշալոյսը։ Այն նահատակ եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն արիւնը քրիստոնէութեան նոր սերմ մըն են ահա։
Գալով Ռատիովատիկանի Սլովաք յայտագրի այսօրուայ դերին պէտք է ըսենք որ Սլովաքիոյ մէջ հոգեւոր հաղորդումներու պակասը զգալի է ու հետեւաբար Սլովաք յայտագիրը Ռատիովատիկանի կայաններու ու ինթերնեթային կայքէջին միջոցաւ հաւատացեալներուն ու եկեղեցւոյ համար կը ներկայացուի որպէս գլխաւոր աղբիւրներէն մին։ Յայտագիրները կը ներփակեն Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը, լուրեր Սուրբ Աթոռի մասին, աւետարանական մեկնաբանութիւններ, եկեղեցական վարդապետութիւն ու Սլովաք ուխտաւորներու հետ հարցազրոյցներ։ Այսինքն՝ ծառայութիւն ի սպաս Տիեզերական եկեղեցւոյ ու յատկապէս Սլովաք եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.