2011-06-24 12:44:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը ROACO-ի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Օգնութեան Բարեսիրական Մարմիններու Միութեան Ժողովականներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով ROACO-ի միջին արեւելքի եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական մարմիններու միութեան ժողովականները (որ 21 - 24 յունիս վատիկանի մէջ գումարած էին իրենց 84-րդ համաժողովը) իրենց ուղղած ճառին մէջ, ողջունելէ ետք Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչ ու ROACO-ի նախագահ՝ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին ու իրեն ընկերացող ժողովականները յատուկէն ողջունեց նաեւ Մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Մար Պշարա Պութրոս Րային։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին վրայ, յիշելով հինգշաբթի 23 յունիսին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնները, որոնք կոչեր են ուղղուած յաւիտենական քաղաքի ու համայն կաթողիկէ հասարակութեան, յառաջանալու՝ պատմութեան դժուար ճանապարհին մէջ, հոգեկան եւ նիւթական աղքատութեան ընդմէջէն շնորհելու՝ Քրիստոսի ու եկեղեցւոյ ողորմութիւնը որ կը բխի Յարութեան խորհուրդէն` որ անհուն սիրոյ խորհուրդ է եւ կեանք պարգեւող ամբողջական նուիրում է։ Ողորմութիւնը, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, մեր տկար ձեռքերուն յանձնուած շնորհք մըն է որ կը գործէ Աստուծոյ զօրութեամբ, ու ապա հրաւիրեց ներկաները չմոռնալու Սուրբ Հաղորդութեան արժէքը որ կը պահէ ձեզ, ըսաւ ան,եկեղեցական ողորմութեան շարժումի մէջ։ Միջին արեւելքի մէջ, այսօր աւելի քան երբեք, պէտք է փնտռել բոլորին բարիքը։ Հաւասար արժանապատուութիւն ու իսկական ազատութիւն պէտք է իրականացուի, ամէն անհատի համար միջեկեղեցական ու միջկրօնական պտղաբեր համագործակցութիւն մը հաստատելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.