2011-06-24 13:24:57

Ժերար Տեփարտէօ ԱրՄավիա Օդանաւային Ընկերութեան Քարոզչական Արշաւի Աստղը։


Հայաստանի «Ար-մաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը իր ծառայութիւնները ծանուցելու համար դիմած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող ֆրանսացի դերասան Ժերար Տեփարտէոյին, որ նկարահանուած է այդ ընկերութեան նոր ձեռք ձգած «Սուխոյ Սուփըրճէ»չ 100 օդանաւի գովազդին մէջ: Դերասանը հետեւած է նոր օդանաւի թռիչքին եւ տպաւորուած է անկէ:
Ներկայիս Տեփարտէօ կը նկարահանուի «Արմաւիա»ի գովազդին մէջ՝ Փարիզի թռիչքային սրահին մէջ:
Յիշեցնենք, որ առաջին «Սուխոյ Սուփըրճէ»չ 100 օդանաւը հայկական «Արմաւիա» ընկերութեան տրուած է այս տարուան Ապրիլ 19ին: Ընկերութեան օդանաւին համար վճարած է 24 միլիոն տոլար: «Սուխոյ Սուփըրճէ»չ 100ը նախատեսուած է 1,5-2 ժամ տեւող թռիչքներու համար: Անիկա թռիչքներ կը կատարէ Երեւանէն Մոսկուա, Սոչի եւ Ուքրանիոյ քաղաքներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.