2011-06-24 13:21:00

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Նախագահ Սարգսեանի Հեռաձայնային Խօսացկութիւնը Պարք Օպամայի Հետ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ` Օպամայի նախաձեռնութեամբ:
Օպամա կարեւոր նկատեց Քազանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու եռակողմանի հանդիպումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդութեան համար եւ Տովիլի յայտարարութեան շրջագիծին մէջ, կարեւոր նկատեց Քազանի մէջ յառաջընթացի արձանագրումը:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդները միշտ ձգտած են տագնապի խաղաղ եւ արդար լուծման, եւ եթէ Քազանի մէջ ազրպէյճանական կողմը ցուցաբերէ կառուցողական մօտեցում, ապա կարելի է ակնկալել դրական արդիւնքներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.