Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Շքանշան Շնորհած է Տիարպեքիրի Քիւրտ Քաղաքապետին։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան «Տիգրան Մեծ» շքանշանը
շնորհած է Տիարպեքիրի Քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին: Այս մասին տեղեկացուցած է
քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը: Լրատուամիջոցի տեղեկութեամբ, հայկական եկեղեցին,
քաղաքապետ Պայտեմիրը նման պատուի արժանացուցած է ,Տիարպեքիրի մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս
Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներուն մէջ զգալի ներդրում ունենալու համար: Իսկ թրքական
«Սապահ» օրաթերթի համաձայն , Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնման
աշխատանքներուն աջակցելու համար «Տիգրան Մեծ» շքանշան շնորհած է նաեւ քիւրտ Սուրի քաղաքապետ
Ապտուլլահ Տէմիրպաշին: