2011-06-23 12:46:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հանդիսապետէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան պատարագին ու թափօրին


Հինգշաբթի 23 յունիս 2011-ին, լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 7ին կը հանդիսապետէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան պատարագին, Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին մէջ եւ որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ կը սկսի վերոյիշեալ Պազիլիքյի հրապարակէն ու վերջ կը գտնէ Հրոմի Santa Maria Maggiore - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճարի հրապարակը` անցնելով 1,3 քմ երկարութեամբ Մէրուլանա պողոտայէն ։
Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց բոլոր ուխտաւոր հաւատացեալները մասնակցելու Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնակատարութիւններուն։
Երջանկայիշատակ Կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեան 1951ին Ասիզիի մէջ իր արտասանած հոյակապ ճառով ''Արեւելեան եկեղեցւոյ հաւատքը Ս. Հաղորդութեան հանդէպ '' նիւթին մասին, կը հաստատէ թէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը պերճութեամբ, փաստերու առատութեամբ եւ պայծառութեամբ ուսուցուած է Արեւելքի առաջին դարերու հայրերու կողմէ։ Այդ ուղղութեամբ Կարտինալը նաեւ կը մէջբերէ մեր սուրբ հայրերու հաւատոյ դաւանանքը հանդէպ Ամենասուրբ Հաղորդութեան։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մկրտելէ ետք հայերու մեծ բազմութիւն մը, ամէնուն բաշխեց Յիսուսի Սուրբ Մարմինն ու թանկագին Արիւնը։ Բոլորիս Փրկչին՝ Քրիստոսի ՜՜Մարմինը եւ Արիւնը՝՝ որ է կենարար՝ բոլոր մարդերուն, Արարիչ՝ համայն աշխարհի։

Մանդակունի Ս. պատրիարքը կը հաստատէ. ''ճշմարիտ հաւատքով կ'իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է Խորանին վրայ, կը մերձենանք իրեն, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք ու զինք կ'ընդունինք մեր մէջ''։ Իսկ Եղիշէն` Պլպուլը Աւարայրի , կը սորվեցնէ թէ Յիսուս ինչպէս վերջին ընթրիքի ընթացքին, ճաշակեց ինքզինք, եւ կը յաւելու. ''Մենք եւս, Տիրոջ Խորանին առջեւ, կը վերակոչենք Քրիստոսի մահը, ՜՜հացը եւ գինին՝՝ չեն մնար այնպէս` ինչպէս որ էին առաջ, այլ կը դառնան Մարմին եւ Արիւն Քրիստոսի''։

Հռոմի Տեղապահ եպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Վալլինի արտայայտուելով Սուրբ Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնին մասին ըսած է <<հինգշաբթի օրուայ արարողութիւնները հաւատքի եւ միութեան կարեւոր վկայութիւն մը կ՛ընծայեն։ Ուխտաւորները ցոյց կու տան Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի գեղեցկութիւնն ու ուրախութիւնը։

Նշենք թէ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը վերնատան մէջ, Քրիստոսի ձեռքով կատարուեցաւ, Աւագ հինգշաբի օրը երեկոյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.