2011-06-23 12:48:50

Ուկրանիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Կը Նշէ Երջանկայիշատակ ՅՊԲ Երանելի Քահանայապետին Այցելութեան Տասնամեակը։


Հինգշաբթի 23 յունիսին, Ուկրանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցին կը նշէ երջանկայիշատակ ՅՊԲ երանելի քահանայապետին այցելութեան տասնամեակը որ տեղի ունեցած էր 2001-ի յունիս 23-27։
Այս առթիւ կազմակերպուած են զանազան ձեռնարկներ որոնց կ՛աջակցի նաեւ Կիէվի քաղաքապետարանական խորհուրդը։ Ձեռնարկներէն ոմանք ուղղակիօրէն յատկացուած են երիտասարդներուն ու պատանիներուն,իսկ պաշտօնական արարողութիւնները տեղի կ՛ունենան Լատին եւ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցիներու նախաձեռնութեամբ՝ որոնց ընթացքին պիտի յիշուի Վոյթիուա Քահանայապետի սրբակեաց կենցաղը ու անոր թողած հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.