2011-06-22 12:35:24

Հայ Օգնութեան Միութիւնը 23.679 Տոլարով Կ՛օժանդակէ Ճափոնի Երկրաշարժի Աղէտեալներուն։


Հայ ժողովուրդը ոչ միայն գիտէ երախտապարտ ըլլալ, այլ անհրաժեշտ ու յարմար պահուն գիտէ արժանաւոր կերպով փոխադարձել իրեն նկատմամբ կատարուած օժանդակութիւնը եւ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:
Այս իրողութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն էր 21 յունիսին, Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի ձեռամբ՝ ու ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ հաւաքուած 23,679 տոլարի չեքի յանձնումը դեսպան Քոիչի Քաուաքամիին` իբրեւ օժանդակութիւն Ճափոնի երկրաշարժի աղէտեալներուն:
ԼՕԽ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւնը նաեւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ճափոնի երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն համար: Հանդիպումին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան դիտել տուաւ, որ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք Ճափոն եղաւ այն երկիրներէն, որոնք օժանդակութեան ձեռք երկարեցին հայ աղէտեալներուն, իսկ այսօր հայութիւնը կը փոխադարձէ ՀՕՄ-ի ճամբով այդ գումարը փոխանցելով Ճափոնի ժողովուրդին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ճափոնական սերտ ու անկեղծ յարաբերութիւններուն, երկու ժողովուրդներուն միջեւ տարբեր միջոցներով կայացած համագործակցութեան:
Ճափոնի դեսպանը ԼՕԽ-ի պատուիրակութեան եւ Շրջանային վարչութեան ճամբով ճափոնցի ժողովուրդին խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս ՀՕՄ-ին` այս օժանդակութեան համար, դիտել տալով, որ այս գումարը պիտի փոխանցուի երկրաշարժէն տուժած շրջաններու պատասխանատու մարմիններէն կազմուած օժանդակութեան յանձնախումբին:
Տեսակցութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ճափոնի դեսպանատան նեցուկով իրականացած ծրագիրներուն, որոնց համար կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի պատուիրակութիւնը:
Աւարտին դեսպանը ողջունեց ՀՕՄ-ի կողմէ առնուած քայլն ու կատարուած նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.