2011-06-22 12:35:05

Կարտինալ Ճանֆրանքօ Րավազիի Հանդիպումը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հետ- Հայաստան։


Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յունիսի 21-ին, ընդունեց Հայաստան այցելող Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մշակութային ժառանգութեան եւ սրբազան հնագիտութեան յանձնաժողովներու նախագահ՝ կարտինալ ճանֆրանքօ Ռավազին, որուն կ՝ընկերանար Ս. Աթոռի առաքելական նուիրակ գերապայծառ Գլաուտիօ արք. Կուճերոթթին։
Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ ձեւաւորուած սերտ եւ ջերմ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան, ընդգծելով, որ նման փոխայցելութիւններով կը նորոգուին եւ կը զօրանան երկու Եկեղեցիներու կապերը։
Վեհափառը արդիւնաւոր օրեր մաղթեց կարտինալ Ռավազիին Հայաստանի մէջ , վստահութիւն յայտնելով, որ այս այցին ընթացքին ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան հետ նոր համագործակցութիւն կը ձեւաւորուի եւ կեանքի կը կոչուին համատեղ զանազան ծրագրեր։
Իր հերթին Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, կարեւորեց այցը Հայաստան, որ կը սկսի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընդունելութեամբ, ապա անդրադարձաւ հայ մշակոյթի հետ իր ունեցած շփումներուն։
Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ կարտինալ ճանֆրանքօ Ռավազի անդրադարձան նաեւ Եկեղեցիներու առջեւ ծառացած տարբեր մարտահրաւէրներուն։ Գարեգին Բ. կարտինալի միջոցաւ իր եղբայրական սէրն ու ողջոյնները փոխանցեց Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ պապին։
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.