2011-06-21 12:43:37

Քահանայապետական նշանակումներ։


Նոր Ենթաքարտուղար Մը Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Կալինտօ-ն որպէս ենթաքարտուղարը աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին։ Ան կը փոխարինէ տիար Գառիքիրին՝ Օփուս Տէյի անդամ, որ իր կարգին նշանակուած է քարտուղար Լատինամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբին։
Գերապայծառ Կալինտօ պատասխանատուն է Ճի-Էմ-Ճի երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու կազմակերպութեան։

Հարաւ-Արեւելք Ասիայի ազգերու ընկերակցութեան մօտ, առաջին անգամուան համար նշանակուած է առաքելական դեսպան մը։
Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց Գերապայծառ Ճիռելլին որպէս քահանայապետական ներկայացուցիչը Հարաւ-Արեւելքի Ասիայի ազգերու ընկերակցութեան մօտ։ Գերապայծառ Ճիռելլի արդէն առաքելական դեսպան է Սինկափորի եւ Արեւելեան Թիմօրի պետութիւններու մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.