2011-06-21 12:43:17

Սրբազան Քահանայապետին Քահանայութեան 60 ամեակը։


Կղերի Ժողովը Սրբազան Քահանայապետի քահանայութեան 60 ամեակին առթիւ բոլոր կաթողիկէ հաւատացեալները կը հրաւիրէ 60 ժամ աղօթելու քահանայական կոչումներու եւ կղերի սրբութեան համար։
Յառաջիկայ 29 յունիսին` Սուրբ Պետրոս Եւ Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ամբողջացնէ իր քահանայութեան 60 ամեակը։ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Կղերի Հաւաքի յանձնախումբը արձագանգելով Կղերի Ժողովի կոչին իր կարգին հրաւիրած է բոլոր ժողովրդապետութիւնները ընդառաջելու 60 ժամ աղօթքի հրաւէրին քահանայական կոչումներու եւ կղերի սրբութեան համար։

Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց Դասի նախագահը այս առթիւ յայտարարած է <<Սրբազան Քահանայապետը եկեղեցւոյ ծառայութեան քահանայական առաքելութեան բացառիկ օրինակ մըն է>> ու աւելցուցած <<ամէնքս պարտաւոր ենք աղօթելու քահանայական կոչումներու համար>>։ Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետին քահանայական տարեդարձի 60 ամեակի առթիւ Աիացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի յանձնախումբը աղօթքի յատուկ <<թերթիկ մը հրատարակած>> է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.