2011-06-21 12:45:36

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
՜՜Քահանայութեան 60 ամեակը՝՝


Չորեքշաբթի 29 յունիս 2011-ը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակն է։
Համայն եկեղեցին ուրախութեամբ կը պատրաստուի այս ժամադրութեան։ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերը, Կղերի Ժողովի քաջալերութեամբ` կը հրաւիրեն աղօթելու՝ քահանայական կոչումներու համար եւ գոհաբանութեան աղօթքներ բարձրացնելու՝ առ Աստուած հայցելով որ նոր մշակներ ղրկէ իր այգիին համար։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կեանքը իսկական քահանայի կատարեալ կեանք մը եղած է։ Երիտասարդ հասակին Աստուծոյ կոչին ընդառաջելը` նորընծայարանի մէջ կազմաւորումը ընդհատուած՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատճառաւ, քահանայական ձեռնադրութիւնը 24 տարեկանին, իր անդրանիկ եղբօր եւ ուրիշ երիտասարդներու հետ միասին, ամրապնդուած Աստուծոյ ու եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց հաւատքին մէջ։ Իրենց հայեացքը ուղղած էին երիտասարդ վարդապետ Ալոյս Անտրիթցքիի` որ 1943-ին 31 տարեկանին սպաննուեցաւ եւ որ մի վերջերս երանելի հռչակուեցաւ։ Ան իր քահանայական առաքելութեան սկիզբը յայտարարած էր <<ոչ մի վարկեան պիտի ուրանանք մեր քահանայութիւնը>>։

Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայութեան մասին նուիրած է մեզի խորհրդածութեան արժանի վեհագոյն խօսքեր` ինչպէս Քահանայութեան նուիրուած Տարւոյն աւարտին։ Անմիջապէս կը հասկցուի թէ այս խօսքերը կը բխին անձնական շնորհքի խոր փորձառութենէն որ հաւատարմօրէն մշակուած ու աճած է։
Այդ խօսքերէն կը մէջբերենք հետեւեալը <<Աստուծոյ յանդգնութիւնը որ մարդ էակին կը յանձնէ ինքզինքը։ Իմանալով հանդերձ մեր տկարութիւնները Ան մարդիկը արժանի կը նկատէ գործելու իր տեղ - այս Աստուծոյ յանդգնութիւնը այն վիթխարի իրողութիւնն է որ կը ներփակուի ՜՜ քահանայութիւն՝՝ բառին մէջ։

Հոգւով կը միանանք Քահանայապետի աղօթքին, խնդրելով որ անոր խոնարհութեան եւ հաւատարմութեան օրինակը, ծառայելու այս յանդուգն Աստուծոյ, ըլլայ խթան մը նոր կոչումներուն յարուցման եւ բոլոր քահանաներուն սրբութեան ձգտումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.