2011-06-21 12:42:52

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Կ՝ընդունի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Յանձնախումբը։


Յունիսի 19-ին Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 13-րդ համաժողովի ծիսական հարցերը նախապատրաստող յանձնախումբի անդամները, որոնք՝ յունիս 18-21-ը, իրենց հերթական ժողովը գումարեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։
Վեհափառը ողջունեց ժողովի մասնակիցները եւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները տուաւ անոնց։ Վեհափառը գոհունակութեամբ նշեց, որ նման այցելութիւնները հնարաւորութիւն կ՝ընձեռեն ծանօթանալու ոչ միայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, երկրին ու հայ ժողովուրդի կեանքին, այլեւ իրենց ներկայութեամբ եւ ջանքերով՝ կը հարստացնեն հայ մշակոյթը։
Հանդիպման ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայիս Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Քոյր եկեղեցիներու հետ ջերմ փոխյարաբերութիւններուն։ Իրենց հերթին յանձնախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուած ըլլալու հնարաւորութեան համար, որմէ ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանեց ԵՀԽ.ի՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայացուցիչները հետաքրքրող հարցումներուն։
Սոյն հանդիպումէն ետք ալ հիւրերը Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.