2011-06-20 13:00:31

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները կը տարուին Ս Հռիփսիմէ եկեղեցի


Այս տարի յունիսի 20-ը Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու, իսկ յունիսի 21-ը Սրբոց Գայանեանց կոյսերու տօներն են։ Այս երկու օրերը Էջմիածին քաղաքի համանուն վանքերի ուխտի օրերն են։
Այս երկու օրերու առաւօտեան ժամը 10։00-ին թափօրով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Սրբոց Գայանեանց կոյսերու մասունքները կը տարուին համապատասխանաբար Սուրբ Հռիփսիմէ եւ Սուրբ Գայիանէ վանքեր, այնուհետեւ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, կը կատարուի Անդաստանի կարգ եւ Սուրբ մասունքներով օրհնութիւն։
Սուրբ մասունքները հաւատացեալներու խոնարհութեան համար վանք կը մնան մինչեւ նոյն օրուայ երեկոյեան ժամերութեան աւարտը՝ ժամը18։00։








All the contents on this site are copyrighted ©.