2011-06-20 13:00:50

Սերժ Սարգսեանի Հեռաձայնային Զրոյցը Մահմուդ Ահմատինեժադի հետ։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 19-ին հեռախոսային զրոյց մը ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մահմուդ Ահմատինեժադի հետ: Ինչպէս որ «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ նախագահի մամլոյ Գրասենեակէն, Հայաստանի եւ Իրանի նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերէ ներս համագործակցութեան աշխուժացումի հայող հարցեր, ու նաեւ անոնք անդրադարձած են տարածաշրջանային զարգացումներուն ու փոխ-գործակցութեան։ Հեռախոսազրոյցը տեղի ունեցած է իրանական կողմի նախաձեռնութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.