2011-06-20 12:59:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը Սան Մարինոյի Կառավարութեան։
՜՜Ընտանիքը Արժանի Է Ամէն Գնահատանքի՝՝։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով Սան Մարինոյի իշխանութեան, պաշտպանեց ընտանիքի անգնահատելի արժէքը` հաստատութիւն մը որ ներկայիս հարցադրանքի առջեւ կը գտնուի։ Ընտանիքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, միակ հաստատութիւնն է վաւեր ու ատակ՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու նոր սերունդը, որ յաճախ կը գտնուի ինքնակործանումի ու զոհ է ստրկութեան բազմաթիւ երեւոյթներու։ Ընկերութեան ամենէն տկար դասակարգը կը վճառէ հետեւանքը այս նոր կացութեան։ Ասոր համար հարկաւոր է որ երկրի իշխանութիւնները ճանչնան ընտանիքին էական դերը, որ կը նպաստէ ընկերութեան ներդաշնակութեան ու զարգացումին։ Հարկաւոր է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով, որ իշխանութիւնները իրապէս ու դրականօրէն ճանչնան ընտանիքին անգնահատելի դերն ու արժանիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.