2011-06-20 12:57:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Սան Մարինօ -Մոնթեֆէլթրօ Թեմի Երիտասարդութեան Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. ՜՜Աւետարանի Մէջ Գտնել Կեանքի Հարցականներուն Պատասխանները՝՝։


Կիրակի 19 յունիսին Նորին Սրբութիւնը հովուական միօրեայ այցելութիւն կատարեց Սան Մարինօ - Մոնթէֆէլթրօ թեմին, ուր առաւօտուն Սան Մարինօ Հանրապետութեան Սէրրավալլէ մարզադաշտին մէջ 22 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ մատոյց սուրբ պատարագը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը տեղափոխուեցաւ Վալտրակոնէի շրջանը՝ Սուրբ Յովսէփի տունը, ուրկէ յետ միջօրէին ինքնաշարժով Սան Մարինոյի ՜՜Piazza della Libertà- Ազատութեան հրապարակ՝՝ ժամանեց եւ այնտեղ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան քաղաքական իշխանութիւններու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Ապա առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Սան Մարինօ հանրապետութեան ղեկավարին հետ որուն ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը քաղաքական իշխանութիւններուն հետ միասին այցելեց Սան Մարինոյի Պազիլիքան ուր առիթ ունեցաւ մեծարելու Սուրբ Մարինոյի մասունքները։
Աւելի ուշ` ժամը 18.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իքնաթիռով մեկնեցաւ Բէննապիլի՝ ուր ժամը 19,15 -ին Վիթթորիօ Էմմանուելէ հրապարակի վրայ հանդիպում ունեցաւ Սան Մարինոյի եւ Մոնդէֆելդրոյի 4.000 երիտսարդներու հետ։
Հանդիպումին սկիզբը խօսք առաւ Սան Մարինօ Մոնթէֆէլթրոյի թեմի առաջնորդ եպիսկոպոսը` Գերապայծառ Լուիճի Նէկրին որ Նորին Սրբութեան ներկայացուց երիտասարդներու ապրած իրողութիւնը ու անոնց ապագայի յոյսերն ու ձգտումները ապա ելոյթ ունեցաւ երկրին երիտասարդներէն Մարքօ Անճէլոնին որ երիտասարդութեան անունով գոհաբանական խօսք մը ուղղեց Սրբազան Քահանայապետին որուն մէջ ըսաւ <<մենք հոս եկած ենք վերագտնելու Տէրը եւ հաստատելու թէ մենք կը պատկանինք Քրիստոսի>> մեզմէ շատերը աւելցուց ան հարց կու տան <<ո՞ր ձեռքերուն մէջ դնենք մեր կեանքը... համայն երիտասարդներու նման մենք եւս կ՛ապրինք մեր ժամանակի դիւրաբեկութիւնները, դաստիարակութեան պակասը, ընտանիքի միասնականութեան դժուարութիւնները, բարեկամական կապերը հիմնուած հեշտասիրութեան եւ նիւթապաշտութեան վրայ, աաշխատանքի պակասը եւ առօրեայի մտավախութիւնը>> երիտասարդը եզրափակեց իր խօսքը խնդրելով Սրբազան Քահանայապետէն որ օգնէ զիրենք հասկնալու կեանքի բուն իմաստը որպէսզի-ըսաւ ան- վերագտնենք ուժը ըլլալու մեր կեանքին ու մեր երկրին իսկական դերակատարները ու չմնանք պարզ հանդիսատեսներ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառին մէջ մատնանշեց թէ միայն մեր ու աշխարհի համայն ճշմարտութեան ընդմէջէն է որ կրնանք հասկնալ Աստուծոյ ծրագիրը։ Ան կ՝ընդառաջէ ամէն մարդու, ու անոր ճանչնալ կու տայ իր անհուն սիրոյն խորհուրդը։ Քրիստոսի մէջ է որ դուք կրնաք ձեր ճանապարորդութեան պատասխանները գտնել, ոչ թէ մակերեսային կերպով այլ Յիսուսի հետ ապրելով։ Քրիստոսի հետ հանդիպումը չի կայանար վարդապետութիւն մը կամ փիլիսոբայական իրողութիւնը մը ընդունելու մէջ, այլ պէտք է մասնակից դառնալ Քրիստոսի կեանքին, ապրելով անոր նման։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները չհետեւելու անձնասէր ու եսասէր տրամաբանութիւններուն, ու քաջալերուած սրբութեան հասած երիտասարդներու տիպար վկայութեան օրինակով, ապրին ու իրենց նման, Աւետարանի մէջ գտնելով կեանքի հարցականներուն պատասխանները։

Երիտասարդներու հետ հանդիպումին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Սան Մարինոյէն ու երեկոյան ժամը ութին Իքնաթիռով վերադարձաւ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.