2011-06-20 13:00:39

Հայր Յովսէփ Վրդ Թոփալեանի՝ Քահանայական, Դպրոցական Եւ Դաստիարակչական Առաքելութեան 40-ամեայ Յոբելեանի Հանդիսաւոր Նշում՝ Պէյրութի Մէջ։


Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքի նախագահութեամբ՝ Շաբաթ 18 Յունիսին, Պէյրութի Մխիթարեան հայրերու երկրորդական վարժարանի կից գտնուող եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայր Յովսէփ վրդ Թոփալեանի քահանայական, դպրոցական եւ դաստիարակչական առաքելութեան 40-ամեակի յոբելեանի առթիւ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած՝ «Հայր Յովսէփ վարդապետի բարեկամներ» յոբելենական յանձնախումբին։ Հայր Յովսէփ հարուստ վաստակ ունեցող, հոգեմտաւոր, կրօնաբարոյական, դաստիարակչական, ազգային ու մարդկայնական նիւթերու բեղուն գրիչի տէր, անձ մըն է . ան միշտ լռութեան մէջ գործած է եւ հանդիսացած՝ խոնարհութեան ու համեստութեան մարմնաւորումը ։
Նախքան Յոբելինական հանդիսութիւնը, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին ձեռամբ տեղի ունեցաւ գերյարգելիութեան տուչութիւն` Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի, որ ստացաւ լանջախաչ, մատանի եւ գաւազան:
Իր խօսքին մէջ կաթողիկէ հայոց պատրիարքը, անդրադարձաւ Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի ընտրած նուիրական ուղիին, Աւետարանի քարոզիչ ըլլալու հանգամանքին եւ ի սպաս հայ ազգի զաւակներուն ու համայն մարդկութեան իր անձը զոհելու հանգամանքին: Պատրիարքը ըսաւ որ վարդապետը եղած է հնազանդութեան ու խոնարհութեան մարմնաւորումը, որուն աղբիւրը եղած է աստուածային շնորհը: Ան շեշտեց, որ հայր Թոփալեան միշտ տուած է իրմէ ակնկալուածէն շատ աւելի, եղած է ամբողջական բարեպաշտ, ինչ որ իրեն 40-ամեայ ծառայութեան ուժ եւ կարողականութիւն տուած է: Պատրիարքը յատուկ կերպով շեշտը դրաւ աղքատին եւ կարօտեալին նկատմամբ հայր Յովսէփ Թոփալեանին ունեցած մարդասիրական մօտեցումին եւ գութին վրայ` հաստատելով, որ ան արժանի է գերյարգելիութեան կարգին:
Ապա ընթացք առաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը. Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հայերէնով եւ արաբերէնով բացման խօսք արտասանեցին Մարալ Աթեշեան եւ Շանթ Ուլուճեան, որոնք լուսարձակի տակ առին Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի նուիրական գործունէութիւնը։ Այս առթիւ պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Անի Եփրեմեան` ասմունքով, Զաքար Քէշիշեան` մենանուագով, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, եւ որ ներկայացուց հայկական ու լիբանանեան երգերու փունջ մը:
Մխիթարեանի ուսուցիչներէն Ուսայման Զէյթուն այս առիթով ներկաներուն ներկայացուց իր վկայութիւնը հայր Յովսէփ Թոփալեանի մասին։
Իսկ հանդիսութեան բանախօսը՝ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ՝ «Հայր Յովսէփ Թոփալեանի քառասնամեայ գործը՝ իր հիմը կը ճանչնայ խօսքը, գաղափարական մարդու խօսքը, անշահախնդիր գաղափարը. խօսեցաւ նաեւ վարդապետին «Ո՛վ բարեկամ» հատորին մասին։
Ապա արաբերէնով իր յաճախած դպրոցին` Մխիթարեան վարժարանին եւ հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի մասին վկայութիւններ, յուշեր ու տպաւորութիւններ ներկայացուց Փոլա Եագուպեան. հաստատելով որ վարդապետէն բոլոր աշակերտները սորված են ու կը սորվին սէր, խոնարհութիւն եւ ներողամտութիւն. հակառակ անոր որ իր դպրոց յաճախած տարիներուն քաղաքացիական պատերազմի մէջ էր երկիրը, բայց եւ այնպէս վարդապետը կը շարունակէր ՜՜ներող ըլլալ՝՝ քարոզել իր աշակերտներուն:
Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ յոբելեարին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը: Իսկ Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Ասմար խօսելէ ետք յոբելեարին նպաստին շրջանի նոր սերունդին, Հազմիէ քաղաքին բանալին յանձնեց անոր։
Ապա տեղի ունեցաւ սկիհ¬յուշանուէրի յանձնում` Ժոզեֆ եւ Կլատիս Թոփալեաններուն կողմէ, եւ Մխիթարեան վարժարանին կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ յոբելեարին. ապա ընթերցուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր աբբայահայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի մաղթանքի գիրը եւ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի հայրապետական կոնդակը:
Այնուհետեւ կնքուեցաւ Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի նորատիպը` «Ո՛վ բարեկամ»ը:
Աւարտին հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանած խօսքին մէջ Յովսէփ վրդ. Թոփալեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ որ զինք կանչած է ծառայութեան, պատիւ եւ սէր Աստուածամօր, որ զինք որդեգրեց եւ առաջնորդեց, ծնողներուն, որոնք զինք ընծայեցին Տիրոջ ու յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ՝ յոբելինական հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն ու մասնակցողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.