2011-06-20 13:00:58

«Հայաստանի Արտաքին Քաղաքական Օրակարգին Մէջ Ֆրանսայի Դերը Առանձնայատուկ Է (Կ՛ըսէ Նախագահ Սերժ Սարգսեան) ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 յունիսին ընդունելով Ֆրանսայի պետական նախարար, համագործակցութեան հարցերով նախարար Հանրի Տը Ռենքուրը, յայտարարեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ Ֆրանսա առանձնայատուկ դերակատարութիւն ունի:
«Մենք կը ցանկանք մշտապէս ամրապնդել եւ խորացնել մեր յարաբերութիւնները: Ասիկա պայմանաւորուած է թէ՛ պատմական դարաւոր կապերով, թէ՛ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համակրանքով, թէ՛ Ֆրանսայի` միջազգային ծանրակշիռ դերակատար ըլլալու հանգամանքով եւ Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական համայնքով» (ըսած է Հայաստանի նախագահը):

Իր կարգին, Հանրի Տը Ռենքուր յայտնեց, որ Հայաստան իրենց սրտին մէջ է ամէն օր, քանի որ ամէն օր շփումի մէջ են Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերուն հետ, որոնք կը կրեն երկու մշակոյթներ եւ երկու քաղաքակրթութիւննե ։

Զրուցակիցները նշեցին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի կանոնաւոր քաղաքական երկխօսութիւնը, միջխորհրդարանական սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, լայն իրաւապայմանագրային դաշտի առկայութիւնը, մշակութային եւ կրթական սերտ առնչութիւնները, ֆրանսական ընկերութիւններու շօշափելի ներկայութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, յաջող զարգացող ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը:

Անոնք երկկողմանի յարաբերութիւններու առաջնահերթ խնդիրներէն նկատեցին առեւտրական- տնտեսական կապերու զարգացումը, առեւտրա-շրջանառութեան աճը, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակներու յարաբերութեանց աշխուժացումը:
Անոնք քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերուն վերաբերող հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.