2011-06-19 13:03:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սան Մարինոյի մէջ։


Կիրակի 19 յունիս 2011 առաւօտեան ժամը 8ին Սրբազան Քահանայապետը իքնաթիռով մեկնեցաւ դէպի Իտալիոյ տարածքի վրայ գտնուող Սան Մարինոյի փոքր անկախ հանրապետութիւնը հովուական այցելութեամբ, եւ ուր ժամանեց 1 ժամ 15 վարկեան տեւողութեամբ ճամբորդութենէ ետք։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Սան Մարինոյի եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը կը յաջորդէ 30 տարի առաջ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կատարած հովուական այցելութեան։
Բարի Գալուստի արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Սէրրավալլէյի մարզադաշտ ուր 22 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ մատոյց սուրբ պատարագ մասնակցութեամբ աւելի քան 30 համապատարագող եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու որոնց շարքին Մարքէ եւ Էմիլիայ Րոմանեայ Թեմերու եպիսկոպոսները։
Սան Մարինոյի փոքր հանրապետութեան համար Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը ''պատմական իրողութիւն մըն է'' յայտարարած էր Սան Մարինօ եւ Մոնթեֆէլթրօ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Լուիճի Նէկրին եւ երեք Ռատիօվատիկանի մեր խօսնակներուն հաստատած էր թէ ''Սան Մարինոյի բնակչութեան մէկ երրորդը փափաք յայտնած է հանդիպելու սրբազան հօր որ եկած է մեզ ամրապնդելու մեր հաւատքին մէջ վերագտնլով մեր քրիտոնեական արմատները''։ Նշենք թէ համայն աշխարհէն աւելի քան 200 լրագրողներ ժամանած են Սան Մարինօ ու կը հետեւին այս պատմական այցելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.