2011-06-19 12:08:13

Հակիրճ Լուրեր


Մերի Տէր Բարսեղեան՝ Լաւագոյն Իրաւաբաններու Շարքին
«Լոս Անճելըս Մեկըզին» թերթի Յունիսի թիւին մէջ լոյս տեսած շրջանի լաւագոյն իրաւաբաններու շարքին է հայ իրաւաբան Մերի Տէր Բարսեղեանը, որ դասուած է «Բարձրացող աստղեր» ցուցակին մէջ: «Գեր իրաւաբաններ» ընդհանուր դասաւորման մաս կազմող սոյն ցուցակին մէջ կ՛ընգրկուին այլ իրաւաբաններու կողմէ թեկնածու նկատուած իրաւաբաններ:

Այվազովսկիի Նկարը Վաճառուած Է 1.2 Միլիոն Տոլարով
Շուէտական Ուփսալա քաղաքին մէջ, Յունիս 14ին տեղի ունեցած աճուրդին ընթացքին, 1.2 միլիոն տոլարով վաճառուած է աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի մէկ գործը: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին, «Մարտ՝ յանուն Պոմարսունտի» կոչուող նկարը, որ կը գտնուէր հին իրերով լեցուած արկղի մը մէջ, թուագրուած է 1858: Նկարը գտնուած է Սթոքհոլմի «Մեթրոփոլ» անուան աճուրդային կազմակերպութեան մօտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.