2011-06-19 12:08:05

Թուրք Յայտնի Քրոնիկագիր Պասքըն Օրան դարձեալ Մահուան Սպառնալիք Ստացած։


՝՝Պիանէթ՝՝ լրատու կայքէջը կը հաղորդէ որ թուրք յայտնի քրոնիկագիր ,հայերու ի նպաստ բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Պասքըն Օրան վերջերս դարձեալ մահուան սպառնալիք ստացած է ԹԻԹ կոչուած հիմնարկութեան մը անունով Թիւրք Ինթիքամ Թուկայը ՝՝Թրքական Վրիժառութեան Ջոկատ՝՝ ։ Պասքըն Օրան չորրորդ անգամն է որ այս հաստատութենէն կը ստանայ սպառնական նամակ իսկ հարիւրաւոր սպառնալիքներ ստացած է նաեւ իրենք զիրենք ՝՝ զգայուն հայրենակից՝՝ յորջորջող անձերէ։ Այս նամակներուն հեղինակներուն դէմ դատական իշխանութիւնները ոչինչ ըրած են ցարդ,հակառակ որ ամէն անգամ Պասքըն Օրան կը դիմէ,դիմած է դատախազութեան ու նաեւ յանցագործութեան գանգատ կը յղէ։ ՝՝ Եթէ դատական համակարգը այսպէս շարունակէ,ես ալ այպէս շարունակ նոր սպառնալիքներ կը ստանամ՝՝ ըսած է Պասքըն Օրան







All the contents on this site are copyrighted ©.