2011-06-18 12:45:32

Փետրօ Մուրատեանի նոր նշանակումը Արժանթինի Նախագահի Կողմէ։


Արժանթինի նախագահուհի՝ Քրիստինա Ֆէրնանտէս-Քիրչնէր, 180 օրուայ ժամանակաշրջանի մը համար Փետրօ Մուրատեանին նշանակեց Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի (Խտրականութեան, Օտարատեցութեան եւ Ցեղապաշտութեան դէմ Ազգային Ինստիտուտ) միջամտութեան գործակալ, սոյն մարմնի նախագահ՝ Գլաուտիօ Մորկատոյի, եւ փոխ-նախագահ՝ Մարիա Ռաշիտի հրաժարականներէն ետք։
Փետրօ Մուրատեան, որ վերջերս նշանակուած էր Խտրականութեան դէմ Քաղաքականութեան Հետազօտական եւ Դաստիարակման համադրող, նախապէս եղած էր Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի փոխ-նախագահ, չորս տարուայ ընթացքին։ Ան նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է միջազգային ամպիոններու մէջ, որպէս խըտրականութեան դէմ պայքարի արժանթինցի մասնագէտ, եւ անցեալ Դեկտեմբերին հրաւիրուած՝ ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբին կողմէ, միջազգային այլ 12 մասնագէտներու կարգին մասնակցելու համար անդամ պետութեանց ուղղուած հակախտրական քաղաքականութեան ուղեգծի մը մշակման ծրագրին։
2010 թուականին, Մուրատեան մաս կազմեց Արժանթինի պաշտօնական պատուիրակութեան, ՄԱԿի Ցեղական Խտրականութեան Ամբողջ Ձեւերու Վերացման Յանձնախումբի առջեւ ներկայացուելիք 19րդ եւ 20րդ տեղեկագրերու առիթով։

Մարդկային Իրաւանց ի նպաստ պայքարի իր գործունէութեան վերաբերեալ, Փետրօ Մուրատեան եղած է Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տնօրէն (2002-2006), Խտրականութեան դէմ պայքարող Ոչ Կառավարական Կազմակերպութեանց Ամպիոնի նախագահ (1998-2003), եւ Մարդկային Իրաւանց ի նպաստ Մնայուն Խորհուրդի նախագահական մարմնի անդամ։ 2010 թուականին, Արժանթինի հրէական կազմակերպութեանց համախմբում՝ Տ.Ա.Յ.Ա.ն, ինչպէս նաեւ Իսլամական Կեդրոնը, զինքը մեծարեցին, Մարդկային Իրաւունքներու ուղղութեամբ տարած իր աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.