2011-06-18 12:41:44

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կիրակի 19 Յունիսին Կ՝այցելէ Սան Մարինօ Իշխանապետութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կիրակի օրը Սան Մարինօ իշխանապետութիւնը կը մեկնի, 11 ժամուայ հովուուական այցելութեան մը համար։ Այս փոքր պետութիւնը որ կը գտնուի Իտալիոյ մէջ, Թիթան լերան գլուխը աշխարհի ամենահին հանրապետութիւնն է ու Եւրոպայի երրորդ փոքրագոյն երկիրը, Վատիկանէն ու Մոնաքոյէն ետք։ Անոր տարածութիւնը 60,5 քիլոմեթր քառակուսի է։
Հիմնուած՝ 4-րդ դարուն, Սան Մարինօ միակ պետութիւն-քաղաքը որ տակաւին կը գոյատեւէ հակառակ կրած՝բազմաթիւ արշաւանքներուն ու դիմադրած Իտալիոյ կողմէ միութեան փորձերուն։
Աւանդութեան համաձայն 300 թուականին Մարինուս անունով քարակոփ մը ապաստան կը գտնէ Թիթան լեռը, նախքան սկսիլը Դիկողտիանոս կայսերի հալածանքներու ալիքը քրիստոնեաներու դէմ, 303 թուականին, բազմաթիւ հալածուած քրիստոնեաներ անոր կը միանան ու հասարակութիւն մը կը կազմեն Թիթան լեռը։
Միջին դարուն ՝ Սան Մարինոն հզօրացաւ եւ 1600ին առաւ հանրապետութիւն անունը, եւ ունեցաւ իր սահմանադրութիւնը որ մինչեւ այսօր ի զօրու է։
1797ին՝ Նափօլէոն ուզեց ընդլայնել անոր սահամանները, սակայն բնակչութիւնը մերժեց առաջարկը։
1815-ին Վիեննայի կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Սան Մարինոյի սահմանները։Անոր անկախութիւնը Իտալիայէն ընդունուեցաւ 22 մարտ 1862ին։ 1988ին Սան Մարինօ անդամ կը դառնայ Եւրոպայի միութեան։ 1992-ին կը յարի ՄԱԿին։
30 հազար հաշուող փոքր պետութիւնը 70 պետութիւններու հետ դիւանագիտական կապեր հաստատած է ։ Գերապայծառ Պերթելլօ առաքելական դեսպանն է այս պետութեան մօտ։
Իր փոքր թիւին համար երկ-ազգային թեմի կը պատկանի, որուն անունն է Սան Մարինօ-Մոնթէֆելդրօ։ Գերապայծառ Նեկրի առաջնորդն է այդ թեմին, որ ունի 81 ժողովրդապետութիւններ։ Սան Մարինոյի բնակչութեան 92 տոկոսը կաթողիկէ են։
Ինչպէս ըսինք` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կիրակի 19 Յունիսին Հովուական այցելութիւն կը կատարէ Սան Մարինօ իշխանապետութեան։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 23րդ հովուական այցելութիւնը Սան Մարինօ-Մոնթէֆելդրօ թեմին բնաբանն է ''Տէր, աւելցուր մեր հաւատքը'' ։ Թեմին պաշտպան սուրբերն են. Սան Մարինօ սարկաւագը եւ Սան Լէոնէ քահանան, երկուքն ալ արհեստով քարակոփ էին։ Սան Մարինօ որպէս կտակ ձգած է ''վեհապետ արժանաւորութիւն, հաւասարութիւն, ազատութիւն բոլոր մարդոց՝՝ որովհետեւ Աստուծոյ զաւակներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.