2011-06-18 12:43:48

Չափահասներու Բջիջային Արմատներու Նիւթին Մասին Գիտաժողով Վատիկանի Մէջ, Փոխան Սաղմային Բջիջային Արմատներու։


Վատիկանի քահանայապետական մշակոյթի ''գիտութիւն եւ հաւատք'' մասնաճիւղը 16 յունիսին, մամուլին ներկայացուց իր յայտագիրը, հայող չափահասներու բջիջային արմատներու նիւթին մասին գումարելիք ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 19-21 նոյեմբերին Վատիկանի մէջ։
Այս գիտաժողովը կազմակերպելով, ըսաւ կարտինալ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քագանայապետական խորհուրդին, կաթողիկէ եկեղեցին կ'ուզէ նպաստաւոր դարձնել ուսումնասիրութիւնը չափահասներու բջիջային արմատներուն, փոխան սաղմային բջիջային արմատներու ուսումնասիրութեան , որուն եկեղեցին հակառակ է։
Վատիկանը կը յուսայ որ այս գիտաժողովին մասնակցին Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները, զանազան երկիրու առողջապահութեան նախարարները, ազգային ժողովներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ շատ մը թեմերու եպիսկոպոսները։
Նշենք թէ հարաւային Գորէայի եպիսկոպոսները 10 միլիոն ամերիկեան տոլար տրամադրած են չափահասներու բջիջային արմատներու փնտռտուքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.