2011-06-18 12:45:53

ՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գայթակղեցուցիչ Դիրքորոշումը։


15 յունիսին ՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարերու նուիրուած ցուցահանդէս` ներկայութեամբ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարարին, Հայաստանի դեսպանին, ֆրանսահայ տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու։
Ցուցահանդէսի բացման նախօրեակին սակայն, միայն ժամ մը առաջ, ՈՒՆԵՍՔՕ-ի տնօրէնութեան հրահանգով` կեդրոնատեղիի կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ անձնակազմը ցուցահանդէսէն դուրս բերած են բազմաթիւ որմազդներ, յատկապէս` ՝՝բացատրողական գրութիւնները՝՝, ինչպէս նաեւ սրահէն վերցուցած են ՄԱԿ-ի դրօշը, որ զետեղուած էր Հայաստանի դրօշի կողքին:
ՈՒՆԵՍՔՕ-ի այս «քաղաքակիրթ վանտալիզմ»ը, որ անյարիր է հարկաւ` իր իսկ ուխտին ու առաքելութեան, համայնքին կողմէ դիմաւորուեցաւ մեծ ընդվզումով:

Անընդունելի այս վարքագիծը տակաւին յառաջիկայ օրերուն կ՛արժանանայ համայնքի բողոքի հակազդեցութեան, եւ համայնքը ձեռնածալ չ՛անցնիր այս գայթակղութեան ի տես:








All the contents on this site are copyrighted ©.