2011-06-18 12:42:38

Կոչ Երկխօսութեան Միաստուածեան Երեք Կրօններու Միջեւ։


Միաստուածեան երեք կրօնները պէտք է որ միանան հաստատելու եւ ծաւալելու երկխօսութեան դաստիարակութիւնը, այսպէս յայտարարած է միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Ժան Լու Թոռան, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ,մինչ կը ներկայացնէ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան 2011ի հաւաքը, կազմակերպուած ''հաղորդութիւն եւ ազատագրում'' շարժումէն։
Յայտնենք որ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան 32-րդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքը օգոստոս 21-27։
Կարտինալ Թոռանի գնահատումով ՝ դպրոցները եւ համալսարանները, ինչպէս նաեւ սենակոկները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, իրնենց ծիսակատարութիւններով, բարբառներով կանչուած են սատարելու՝ մարդկային ընկերութեան համախումբումին, հասկացողութեան եւ հանդրժողութեան , յարելով որ այլընտրանք չունինք, եթէ ոչ ապրիլ մեր մշակոյթները ու կրօնները յարգելով իւրաքանչիւր խումբին իւրայատկութիւնները, եւ իրարու զօրակցելով։
Այսպէս՝ կազմելով մէկ մարդկային ընտանիք, կը հակազդենք խտրականութեան, օտարատեացութեան, ցեղապաշտութեան եւ սահմաններու փակումին ալիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.