Ուրբաթ 17 յունիս 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը
ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներուն
եկած՝ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Ժամը
12-ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրին` Վատիկան
Պետութեան Տեղապահ եպիսկոպոսը, Հուսկ ժամը 12.15-ին՝ Գերապայծառ Փօլ Հինտէր եւ գերապայծառ
Գամիլլօ Պալլին Հիւսիսայի եւ Հարաւային Արապիոյ Առաքելական նուիրակները։ Յետ միջօրէի
ժամը 6-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց գերապայծառ Մարք Ուելլէն՝ Կառավարիչը եպիսկոպոսներու
Ժողովին։