2011-06-17 12:24:56

Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի Յիշատակութեան Պատրաստութիւն- Պէյրութ,


Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակութեան եւ անոր պատրաստութեան համար Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքը կազմեց Պատրիարքական կեդրոնական խորհուրդ մը, որպէսզի կազմակերպէ հանդիսութիւնները, որոնք պիտի կատարուին 2015-ին: Պատրիարքական կեդրոնական խորհուրդի անդամներն են՝ Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, Պրն. Սարգիս Նաճարեան, Տիկ. Զուարթ Նաճարեան, Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան եւ Պրն. Կրէկուար Գալուստ:
Այս խորհուրդը որ ամենաբարձրն է Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակութեան համար ունի որպէս պարտականութիւն՝ համադրել աշխարհատարած բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հասարակութիւններուն կազմակերպելիք հանդիսութիւնները: Այս խորհուրդին կողքին պիտի կազմուի նաեւ միջազգային ներկայացուցչական բազմանդամ յանձնախումբ, որուն անուանացանկը պիտի յայտարարուի յաջորդ օրերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.