2011-06-17 12:42:42

Ձայնասփիւռ մը՝ Աշխարհին Հետ Երկխօսութեան Մէջ։


Վատիկանի Ձայնասփիւռը շնորհիւ իր՝ 40 լեզուով ձայնասփռուող յայտագիրներու եւ 61 տարբեր ազգութիւններու պատկանող լրագրողներուն, ամէն օր կը խօսի հինգ ցամաքամասերու ունկնդիրներուն։

Վատիկանի Ձայնասփիւռը
Ձայնասփիւռի գիւտարար Կուլիէլմօ Մարքոնիի կողմէ հիմնուած՝ 12 Փետրուար 1931ին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի կայանին բացումը կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Քահանայապետի կողմէ եւ Ձայնասփիւռին տնօրէնութիւնը յանձն առաւ Յիսուսեան Միաբանութիւնը։

Անձնակազմը
Վատիկանի Ձայնասփիւռին մէջ այժմ կ'աշխատին 61 զանազան ազգերու պատկանող 412 հոգի, մեծամասնութեամբ աշխարհականներ, 48 կրօնաւորներ եւ 9 կրօնաւորուհիներ, 22 զանազան Միաբանութիւններէ, եւ 150 հաղորդավարներ՝այրեր ու կիներ ։

Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայերէն Հաղորդումները։
Իր հիմնարկութենէն ասդին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայկական Բաժինը հաւատարիմ մնացած է իր գլխաւոր նպատակին՝Ազգ եւ Կրօնք։
Ապրիլ մեր հայութիւնը՝ իր անցեալով ու ներկայով, եւ գիտակից դառնալ մեր քրիստոնէական հաւատքին։ Քրիստոսի աշխարհատարած Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հաղորդել դրական ճշմարտութիւններ, առանց գրչապայքարի առիթ տալու, հաղորդել Սբ. Պետրոս Առաքելապետի Յաջորդին՝ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին կեանքը, գործունէութիւնը ու լուրերը, որ լոյս եւ յոյս կը ներշնչեն մարդկային կեանքի տուայտանքին մէջ։
Կիրակնօրեայ Սբ. Աւետարանի բացատրութիւնը, մեր Սբ. Հայրապետներու հաւատքը, մեր հայ եկեղեցական կեանքի հայող լուրերը՝ կը կազմեն գլխաւոր բովանդակութիւնը Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայերէն Հաղորդումին։
Նշենք որ 29 Մայիս 1966 թուականին, Վատիկանի Ձայնասփիւռը հեռարձակեց իր հայերէն առաջին հաղորդումը։
Ներկայիս, Հայկական Հաղորդումի պատասխանատուն է Տէր Միքայէլ սրկ. Ճենճեանն է, Ա. խմբագիրը՝ տկն. Ռիթա Մէլէքեան, Բ. խմբագիրը՝ տկն. Սօնա Նիւրփէթլեան եւ տիար Ռոպեր կիս.սրկ Աթթարեան, գործակիցներ՝ Հ. Յովսէփ Ծ. վրդ. Քէլէքեան եւ Հ. Թովմաս Վրդ. Կարապետեան, որոնք լաւագոյն կերպով կը շարունակեն Հայկական Հաղորդումի 45ամեայ աւանդութիւնը։
Համագործակցելով աւելի քան 44 ազերու ներկայացուցիչներու հետ, Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայերէն Հաղորդումներու անձնակազմը մեծ դեր կը կատարէ Հայ Ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը համայն աշխարհին ճանչցնելու համար։

Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայերէն Հաղորդումները կը հեռարձակուին ամէն օր , Իտալիոյ ժամով,ժամը՝ 17.50ին եւ կը կրկնուի յաջորդ օրը առաւօտեան ժամը 4.10ին(միշտ Իտալիոյ ժամով)։
Իսկ ամէն ամսոյն երրորդ Կիրակին՝ նոյն Ռատիոկայանէն ժամը 10.30ին կը ձայնասփռուի Հայածէս Ձայնաւոր Սբ. Պատարագ։








All the contents on this site are copyrighted ©.