2011-06-17 12:52:28

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Ծնած Են Աւելի Քան 16 Հազար Երախաներ։


Ընթացիկ տարուան Յունիս 1ի դրութեամբ՝ հանրապետութեան մէջ ծնած են 16,365 երեխաներ, որուն 8073ը Երեւանի մէջ: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հանրապետութեան մէջ ծնած էին 17,508 երեխաներ , որուն 6064ը Երեւանի մէջ:
Ըստ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ բաժինին, 2011 Մայիսին Երեւանի ծննդատուներուն մէջ ծնած են 1693 երեխաներ , որոնց ինը՝ արտերկրէն, իսկ 429ը՝ մարզերէն:
Նշենք, որ հանրապետութեան մէջ 2008 Յուլիս 6-էն սկսեալ կը գործէ ծննդօգնութան հաւաստագիրներու համակարգը, որուն շնորհիւ ծննդաբերութիւնը կ՛իրականացուի անվճար:
Ընթացիկ տարուան Յունուար 1-էն սկսեալ անվճար կ՛իրականացուի նաեւ 0-7 տարեկան երեխաներու բժշկական օգնութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.