2011-06-17 12:49:41

Հայաստանի Կառավարութեան Նիստը Երիտասարդ Ընտանիքներու Բնակարանի Օժանդակպութեան Մասին։


Հայաստանի Կառավարութեան 10 Յունիսի նիստը որոշեց լրացնել Երիտասարդ ընտանիքին՝ մատչելի բնակարան պետական նպատակային ծրագիրով նախատեսուած կարճաժամկէտ օգնութիւններու չափը՝ ծրագիրի կատարողականի յառաջանցիկ աճի պատճառով։
Ինչպէս կը տեղեկանանք ելեւմտական նախարարութեան կայքէն՝ լրացումը ուղղուած է ծրագիրը արագացուած տարբերակով իրականացնելու նպատակին։ Երիտասարդ ընտանիքներուն մատչելի բնակարանով ապահովելու խնդիրը կարաւորելու նպատակով՝ ՀՀ կառավարութիւնը 2010ին հաստատած էր ՝՝Երիտասարդ Ընտանիքին՝ մատչելի բնակարան՝՝ պետական նպատակային ծրագիրը։ Ծրագիրի հիմնական նպատակը երիտասարդներուն եւ երիտասարդ ընտանիքներուն բնակարանային խնդիրներու յաղթահարման հարցով՝ արդիւնաւէտ պետական աջակցութիւն ցուցաբերելն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.