2011-06-17 12:25:05

՜՜Մեր Երիտասարդութեան Կարեւոր Տեղ Պէտք Է Տրուի՝՝ Կ՝ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։


Չորեքշաբթի 15 Յունիսի երեկոյեան' Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հայր Սուրբը, Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, եւ նոյն բաժանմունքի յանձնախումբը՝ բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.– Պրն. Յակոբ Հանտեան, Տիկ. Աստղիկ Գանտահարեան, Տիկ.Իրմա Պալեան, Օրդ. Սարին Գարաճրճեան, Պրն. Գրիգոր Ալոզեան: Լսելէ յետոյ վարիչ Հայր Սուրբին եւ յանձնախումբի անդամներու ծրագիրներուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անոնց նուիրումը եւ աշխատանքը զանազան ազդու միջոցներով ու ներկայ աշխարհի պայմաններուն համապատասխան մօտեցումներով հայ երիտասարդութիւնը ներառելու մեր կեանքէն ներս:
Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ ՙՀեռու պէտք է մնալ ցուցական, քարոզչական բնոյթ կրող նախաձեռնութիւններէ ու անհրաժեշտ է խորքին ո՜չ ձեւին միջուկին եւ ո՜չ կեղեւին կարեւորութիւն տալ: Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ նորահաս սերունդը մասնակից դառնայ մեր ազգային կեանքին ու յատկապէս մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան՚: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց նաեւ որ հայ եկեղեցին սոսկ կրօնական կառոյց մը չէ, ան ազգային առաքելութիւն ունի միաժամանակ: Ա՜յս հայեցակէտով պէտք է դիտել նաեւ մեր երիտասարդութեան դերը եկեղեցիէն ներս՚:
Հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ որ ամրան ընթացքին յանձնախումբը աշխատանքային հանդիպում մը ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը ներկայացնող երիտասարդներուն հետ, որպէսզի լսելէ յետոյ զանոնք ճշդէ թէ ինչ ձեւով կրնայ օգտակար ըլլալ թեմերուն մէջ երիտասարդութիւնը դէպի եկեղեցին ու մեր հաւակական կեանքը առաջնորդելու ձգտող աշխատանքներուն:













All the contents on this site are copyrighted ©.