2011-06-16 13:01:02

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Ֆրանսայի Հայոց Թեմին Մէջ։


Ֆրանսայի Առնուվիլ լէ-Կոնէս հայաշունչ գաղութի Վարագայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 5 Յունիսին (2011) Ս Պատարագի ընթացքին, Բարձշ. Նորվան Արքեպս. Զաքարեան՝ Թեմակալ Առաջնորդը՝ քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը կատարեց Բրշ. Սարգիս Սրկ. Րաշօ-Յովհաննէսեանին։
Նախորդ օրը երեկոյեան, յաւարտ կիրակամուտի ժամերգութեան, Նորվան Արք. քահանայութեան կոչեց Սարգիս Սարկաւագը: Կոչման կարգի ընթացքին ընծայեալը խոստովանեցաւ հաւատոյ ուղղափառ դաւանութիւնը:
Յաջորդ օրը` Երկրորդ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Նորվան Արքեպիսկոպոս կատարեց իւր անդրանիկ Քահանայական Ձեռնադրութիւնը ի ներկայութեան բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ հիւրերու:
Կանոնական աղօթքներէն ետք Սարգիս Սարկաւագ ձեռքերը բարձրացուց ի տես ժողովրդեան` ի նշան աշխարհուրացութեան, մինչ բոլոր ներկայ հոգեւորականները միասնաբար երիցս կ’երգէին «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ը, որուն ի պատասխան հաւատացեալ ժողովուրդը կու տար իր դրական վկայութիւնը «արժանի է» ըսելով։
Իր քարոզին մէջ Պատարագիչ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուայ տօնի խորհուրդին, շեշտելով քահանայական առաքելութեան կարեւորութիւնը` ի խնդիր եկեղեցւոյ հոգեւոր շինութեան եւ զարթօնքին։









All the contents on this site are copyrighted ©.